Յարութ Սասունեան Անդրադարձած է Քըրքորեանի Կտակին Վերաբերեալ Հրապարակումներուն

Հայ մեծ բարերար Քըրք Քըրքորեանի կտակը գաղտնիութեան պայմաններու մէջ չի պահուիր: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն» ռանտիոկայանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեանը` անդրադառնալով հայկական մամուլի մէջ բարերարի կտակին վերաբերեալ տարբեր հրապարակումներու:

«Պարոն Քըրքորեանը իր ողջ հարստութիւնը ձգած է բարեգործութեան համար, սակայն որեւէ յատուկ անուն չէ նշած: Անշուշտ, կայ կտակարար, եւ, երբ գայ ժամանակը, ան պիտի սկսի որոշել, թէ որ բարեգործական ընկերակցութեան որքան գումար պիտի հասնի ու որ ծրագիրի համար: Հիմա դեռ շուտ է այդ մասին խօսիլ, քանի որ հարցեր կան լուծելու, որ  բաւական ժամանակ կը խլէ: Հաւանաբար, տարի մը յետոյ կտակարարը սկսի որոշել»,- ըսած է Սասունեանը:

Յարութ Սասունեան, որ երկար տարիներ ղեկավարած է Քըրք Քըրքորեանի ստեղծած  «Լինսի» հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող աշխատանքները, աւելցուցած է, որ խօսքը այս պարագային կը վերաբերի ոչ թէ նախկին ծրագիրներու շարունակութեան, այլ նոր ծրագիրներու մեկնարկի մասին: «Նոյեմբերի վերջը Միացեալ հայկական հիմնադրամը վարչութեան ցանկութեամբ փակուեցաւ: Այդ հիմնադրամը, ուր ես 26 տարի նախագահած եմ եւ հիմնադիրն եմ, Հայաստան առաքած է 720 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն՝ ծովային ճանապարհով եւ օդանաւով: Այդ աշխատանքը դադրեցուած է, եւ քանի որ մեր ժողովուրդը կարիք ունի նման օգնութեան, ես յաջորդ օրը` Դեկտեմբեր 1-ին, բացած եմ նոր հիմնադրամ, որ կը կոչուի «Հայաստան-Արցախ»: Հիմնադրամը Հայաստանի ժողովուրդին պիտի տրամադրէ այն ամէնը, ինչով հնարաւոր պիտի ըլլայ օգնել` պիտի ըլլայ դեղորայք, բժշկական սարքեր, փոքրիկներու համար խաղալիքներ, գրադարաններու համար գիրքեր, համալսարաններու եւ դպրոցներու համար համակարգիչներ: Նոյն բանը կ՝ընենք նաեւ Արցախի մէջ»,- ըսած է Սասունեանը:

Ան ընդգծած է, որ յառաջիկային աշխատանքներ պիտի իրականացուին նաեւ սուրիահայերուն աջակցելու համար:

Scroll Up