Հայաստան Մինսկի Գիրքի Ցուցահանդէսի Պատուաւոր Հիւրը

Գիրքի ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին Ռուսաստանի, Ղազախստանի, Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու գրահրատարակիչները:
Հայաստան պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով պիտի մասնակցի Մինսկի գիրքի «Մշակոյթ» միջազգային XXIII ցուցահանդէս-վաճառքին, sputnik.co.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ Belta.by պելառուսական գործակալութիւնը:
Մինսկի միջազգային գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 10-14:
Բացի ազգային ու արտասահմանեան գրահրատարակչութեան լաւագոյն նմուշներու ցուցադրութենէն, նախատեսուած է լայն մշակութային ու գործարար ծրագիր: Ցուցահանդէսի հիմնական թեմաներէն է Մշակոյթի տարին ու հայրենական գրատպութեան 500-ամեայ նշանաւոր իրադարձութեան նախապատրաստուիլը:
Անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ ԱՊՀ-ի 25-ամեակի թեմային, Չերնոպիլի աղէտի 30-ամեակին, ՄԱԿ-ի 70-ամեակին, Ուիլեամ Շեքսպիրի 400-ամեակին, Մաքսիմ Պոգտանովիչի, Իւան Շամեակինի, Քոնտրատ Գրապիւայի, Իւան Մելեժայի, Վլատիմիր Մուլեաւինի յոբելեանական տարեթիւերուն:
Գիրքի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս պիտի իրականացուի «Գրողն ու ժամանակը. ժառանգորդութիւնը գրականութեան մէջ» II Միջազգային գրական սիմպոզիումը` մերձաւոր ու հեռաւոր արտասահմանէն հրաւիրուած անուանի գրողներու մասնակցութեամբ: Նախատեսուած է նաեւ համագումար երիտասարդ գրականագէտներու համար:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Գիրքի մշակոյթ» 55-րդ ազգային մրցոյթի յաղթողներու պարգեւատրումը: Տարբեր երկիրներու հրատարակիչները պիտի ներկայացնեն նոր գրական նախագիծեր, տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ յայտնի պելառուսական ու արտասահմանեան հեղինակներու հետ, պիտի կազմակերպուի գիրքի արտադրանքի վաճառք: Համաժողովի կազմակերպիչներն են տեղեկատուութեան նախարարութիւնն ու Մինսկի քաղաքային գործադիր կոմիտէն: