Տաւութօղլուն Տաւոսի ՄԷջ Խօսած Է Ղարաբաղեան Խնդիրին Մասին

«Սառեցուած հակամարտութիւնները, ինչպէս օրինակ ղարաբաղեան խնդիրը, տարածաշրջանի նհամար վտանգ կը ներկայացնեն»,- armradio.am-ի փոխանցմամբ` յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն` Տաւոսի Միջազգային տնտեսական ժողովին  իր ելոյթին:

«Ահաբեկչական վտանգն ու սառեցուած հակամարտութիւնները վտանգաւոր իրավիճակ կը ստեղծեն Թուրքիոյ շուրջ: Որեւէ ատեն կայ ապխազական եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւններու աշխուժացման վտանգ: Ատոնք որեւէ ատեն կրնան վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծել տարածաշրջանին մէջ»,- ըսած է Տաւութօղլուն:

Թուրքիոյ վարչապետը մինչ Տաւոս մեկնիլը Պաքուի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Երկկողմ յարաբերութիւններէն բացի քննարկուած է նաեւ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:

 

Scroll Up