ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը Դէմ Քուէարկեց Սուրիայէն Եւ Իրաքէն Փախստականներու Ընդունումը Կասեցնելուն

ԱՄՆ-­ի Քոնկրէսի Սենատը դէմ  քուէարկած է հանրապետականներու առաջարկած օրինագիծին, որուն համաձայն Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականներու ընդունման ծրագիրի գործողութիւնը պէտք է կասեցուի, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»­-ը:

Փաստաթուղթը նաեւ կոչուած է ապագային խստացնել բոլոր այն վերաբնակներու ստուգումները, որոնց կը ծրագրուի ընդունիլ երկրէն ներս: Այդ նախաձեռնութեան օգտին ծերակուտականները 55 ձայն  տուած են` անհրաժեշտ 60-­ի փոխարէն, դէմ  արտայայտուած են 43 օրէնսդիրներ: Անցեալ տարուան Նոյեմբերին Ներկայացուցիչներու պալատը պաշտպանած էր այդ օրինագիծը:

Մտավախութիւնները, որ փախստականներուն հետ միասին ԱՄՆ կրնան ներթափանցել «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները, յառաջացած են անցեալ տարի Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք, երբ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ ծայրայեղականներու ձեռքով սպաննուեցաւ 129 մարդ, հաղորդած Է ՏԱՍՍ-­ը:

Scroll Up