Ուաշինկթընի Մէջ Քննարկուած է ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Հարցը
Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Յունուար 20-ին քննարկումներ տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ԱՄՆ համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք: «Այսօր Ուաշինկթընի մէջ հիանալի քննարկումներ տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ»,- գրած է Ուորլիք: