Պըրպենքի ՀԵԴ Կրտսերներու «Կայծակ» Ուխտը Ժպիտներ Կը Բաշխէ՝ Պըրպենքէն Հայաստան

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն ընթացքին իրականացուած երեք նախաձեռնութիւններով, Պըրպենքի ՀԵԴ կրտսերներու «Կայծակ» ուխտի պատանիները տօնական օրերու առիթով ուրախացուցած են Պըրպենքի եւ Հայաստանի իրենց հասակակիցները։

Անցեալ տարի, պատանիները տօնական օրերու առիթով նուէրներ ղրկած էին Գորիսի պատանիներուն, սակայն այս տարի անոնք որոշած են ընդարձակել իրենց բարեսիրական գործունէութեան դաշտը։

Անոնք նախ այցելած են «Արարատ տուն», տեղւոյն տարեցներուն նուիրելով իրենց կողմէ պատրաստուած Նոր Տարուան բացիկներ, ապա հայկական տօնական երգերով զուարճացուցած են զանոնք։

Պատանիները՝ համագործակցութեամբ Պըրպենքի հրշէջներուն, աւելի քան 50 խաղալիքներ նուիրած են «Սփարք աֆ Լաւ» նախաձեռնութեան, որ խաղալիք-ներ կը տրամադրէ կարիքաւոր երեխաներու։ Պատանիները՝ Պըրպենքի հրշէջներու կեդրոնը այցելելով՝ յանձնած են իրենց հաւաքած նուէրները եւ այդ առիթով մօտէն ծանօթացած են կեդրոնին եւ հրշէջներու գործունէութեան։

Վերջապէս, «Կայծակ» ուխտի պատանիները, Հայաստանի ՀՅԴ կոմիտէութենաց հետ համագործակցաբար, կրցած է աւելի քան 60 խաղալիքներ հասցնել Գիւմրիի կարիքաւոր երեխաներուն։ Անոնք այս քայլին դիմած էին անցեալ տարուան ընթացքին 1988ի Գիւմրիի երկրաշարժին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններու եւ դժուարութիւններուն ծանօթանալէ ետք։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up