Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցին Կը Փլուզուի` Գանձ Որոնողներու Թիրախին Յայտնուելուն Պատճառով

1800-ական թուականներուն պատմական Երզնկայի մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին գանձ որոնողներու փորած փոսերուն պատճառով աւերակի վերածուած է, գրած է «Ակօս»-ը:
Երկար տարիներ ճակատագրի քմահաճոյքին յանձնուած եկեղեցին վերջին օրերուն գանձ որոնողներու թիրախին յայտնուած է: Մեծ վնաս կրած եկեղեցին պահպանելու համար քայլեր կը ձեռնարկուին: Տեղի ոստիկանութիւնը պարզապէս կղպանք դրած է եկեղեցւոյ մուտքին:
Խնդրի մասին բարձրաձայնած է յարակից գիւղի բնակիչներէն Թոլկա Կիւրիւնը:
Ան նշած է, որ եկեղեցւոյ սրբապատկերները գողացուած էին 5 տարի առաջ, որմէ ետք եկեղեցին իր ուշադրութիւնը գրաւած է:
Կեդրոնէն 15 քմ. հեռաւորութեամբ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար ներկայիս Էրզինճանի նահանգապետարանը յանձնարարական տուած է, սակայն նահանգապետի փոփոխութենէն ետք անիկա վերակառուցելու համար ոչ մէկ քայլ կատարուած է:
Վերջին հետազօտութիւնը ցոյց տուած էր, որ եկեղեցւոյ երկրորդ յարկին վրայ փլուզում տեղի ունեցած է, սակայն ընդհանուր առմամբ մեծ խնդիրներ չկան: Նշուած էր, որ վերակառուցումէն յետոյ անիկա հին տեսքին պիտի վերադարձուի: