Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Սեմինարը՝ Յունուար 23ին

ՆՈՐԹՐԻՃ.- Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին կողմէ կազմակերպուող ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մասնագիտական միօրեայ սեմինարը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունուար 23ին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, համագործակցութեամբ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին՝ ի մի բերելով նահանգին մէջ դասաւանդող մօտաւորապէս 450 ուսուցիչներ։
Այդ ընթացքին տեղի պիտի ունենան զանազան աշխատանիստեր, որոնց ընթացքին պիտի արծարծուին կրթական եւ դասաւադման մարզերու նորութիւնները։
Սեմինարի գլխաւոր բանախօսն է Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան։
Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիսա Կապուտեան կը յայտնէ, թէ սեմինարը շատ լաւ առիթ մըն է ուսուցիչներուն, իրենց փորձառութիւնները կիսելու համար։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 500-0822 թիւին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: