Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Տինքի Սպանութեան Գործով Քննութիւն Իրականացնելու Պահանջը

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը մերժած է Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ կապուած քննութիւն իրականացնելու պահանջը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական Demokrathaber.net­-ը:

Նման պահանջ խորհրդարանին ներկայացուցած էին Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս 59 պատգամաւորական աթոռներ զբաղեցնող քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Իտրիս Պալուքեն եւ Սթամպուլէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան: Տինքի մահուան 9­րդ տարելիցին օրը խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան անդամները, որոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին, դէմ  քուէարկած են առաջարկին, որն ալ մերժուած է:

Սթամպուլի «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-­ին` խմբագրութեան առջեւ անոր վրայ կատարուած զինուած յարձակման արդիւնքով: 2012 թուականի Յունուար 17­ին դատարանի որոշմամբ` Տինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, անմիջական յանցագործ Օգիւն Սամասթը` 22 տարուան ազատազրկման: 2014 թուականի Հոկտեմբերին Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւններու գործերով 5­րդ դատարանը որոշում կայացուցած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսիլ զերոյէն: Այս անգամ բոլոր ամբաստանեալներուն պէտք է առաջադրուէր «Յանցաւոր խմբաւորման ստեղծման եւ կառավարման կամ ատոր մէջ մասնակցութիւն ունենալու» մեղադրանք:

Բացի այդ, որոշումներ  ընդունուած էին Տինքի սպանութեան ժամանակ բարձր պաշտօններ գրաւած 9 անձանց, նորառեալ` Սթամպուլի նախկին ոստիկանապետ Ճելալեթին Ճերահի նկատմամբ դատական գործեր յարուցելու կապակցութեամբ:

 

Scroll Up