ՀԵԴի «Մուսա Տաղ» Ուխտի Դրամահաւաքի Ձեռնարկը

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի ՀԵԴի «Մուսա Տաղ» ուխտին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 29ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, ՀԵԴի «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրին համար դրամահաւաքի ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ «Գաւառ» ճաշարանին մէջ (4777 Santa Monica Blvd. Los Angeles, CA 90029)։

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Դրօ Գրիգորեան եւ Արա Տապանճեան։

Մասնակցութեան սակը՝ ներառեալ ընթրիք եւ գինի, 50 տոլար է, իսկ ՀԵԴի անդամներուն համար՝ 40 տոլար։

Տեղեր ապահովելու համար, դիմել Ռազմիկին կամ Թամարին, յաջորդաբար՝ (213) 434-2112 եւ (818) 468-6304 թիւերով։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up