Տինքի Յիշատակին Ձեռնարկներ Կը Կազմակերպուին Աշխարհի Տարբեր Անկիւններու Մէջ

Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան իններորդ տարելիցի առնչութեամբ յիշատակի արարողութիւններ տեղի կ’ունենան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»­-ը, Յունուար 19-­ին յիշատակի արարողութիւններ կը կայանան Թուրքիոյ երեք քաղաքի` Սթամպուլի, Անգարայի եւ Պուրսայի մէջ:

Գերմանիոյ Պեռլին եւ Քեօլն, Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքները եւս միացած են Տինքի յիշատակին` ձեռնարկներ կազմակերպով քաղաքներու թիւին: Գանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ յիշատակի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Յունուար 24­-ին, իսկ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ` Փետրուար 8-­ին:

Յունուար 19­-ին Երեւանի մէջ եւս կը նախատեսուի ձեռնարկ, որուն մասնակիցները 17:00­-ին կը հաւաքուին քաղաքապետարանին մօտ` իրականացնելով ստորագրահաւաք եւ պահանջելով, որ քաղաքի փողոցներէն մէկը անուանուի Տինքի անունով: Ստորագրահաւաքէն ետք ներկաները քայլերթ կ’իրականացնեն դէպի Հանրապետութեան հրապարակ

Scroll Up