Հայկական Կօշիկ Արտադրողները Առաջին Անգամ Պիտի Մասնակցի «MOSSHOES-2016» Միջազգային Ցուցահանդէսին

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայաստանեան եօթ ընկերութիւններու հետ համատեղ  առաջին անգամ պիտի ներկայացնեն Հայաստանը Յունուար 19-22 Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «MOSSHOES-2016» միջազգային մասնագիտացած ցուցահանդէսին:

Ըստ News.am-ի՝ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին կօշիկ եւ կաշիէ պարագաներ արտադրող աւելի քան 500 առաջատար ընկերութիւններ՝ շուրջ 30 երկրէ, իսկ ցուցահանդէսի միջին այցելութիւնը կը կազմէ 10-12 հազար մարդ, որ կազմուած է յատկապէս մասնագէտներէ, առեւտրային ցանցերու ներկայացուցիչներէ ու մեծածախ գնորդներէ:

Արեւելեան Եւրոպայի ամենամեծ մասնագիտացած այս ցուցահանդէսին իրենց արտադրանքը կը ներկայացնեն կօշիկ եւ կաշիէ պարագաներ արտադրող հայաստանեան «Զէննի», «էլեն 93», «Արմո Գրուպ», «Մաքսոլ», «Բաբիննի», «Բենիտո» ընկերութիւնները եւ ԱՁ «Արմէն Սրապեան»ը: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կը նախատեսուի կազմակերպել նաեւ յատուկ գործարար ծրագիր, որ մասնակիցներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ստանալ մասնագիտական աջակցութիւն եւ ընդլայնել արտահանման հնարաւորութիւնները:

«Եթէ դիտարկենք ցուցահանդէսի մասնակիցների աշխարհագրութիւնը, շուկայի ընդգրկումը, ապա վստահաբար կարելի է ասել, որ այն շատ արդիւնաւէտ հարթակ է հայկական արտադրողների եւ մեծածախ գնորդ-կազմակերպութիւնների համար գործնական պայմանաւորուածութիւնների ձեռքբերման, արտահանման հնարաւորթիւների դիւերսիֆիկացման եւ նոր պայմանագրերի կնքման համար: Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայկական ընկերութիւնների մասնակցութիւնը կազմակերպել է արտահանման խթանման, մեր արտադրանքի ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ամրապնդման նպատակով»,- նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեանը:

Scroll Up