Գերմանիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկին Կը Մասնակցի Նաեւ Ազգութեամբ Թուրք Պատգամաւորը

Գերմանիոյ Էսսինկլէնի քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութեան, քաղաքային գրադարանի եւ արխիւի կողմէ կազմակերպուող «52 x Esslingen» նախագիծի ծիրէն ներս այս օրերուն քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան: Նոյն նախագիծի ծիրէն ներս Յունուար 19-ին կ’իրականացուի «1915/1916 թթ. Հայոց ցեղասպանութիւն. երէկ եւ այսօր» խորագիրով համաժողով:
Ըստ «Yeniposta.de» լրատուական կայքի` համաժողովին ելոյթ կ’ունենայ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, Պունտեսթագի պատգամաւոր ազգութեամբ թուրք Ճեմ Օզտեմիրը, որ բազմիցս հանդէս եկած է ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման օգտին:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` համաժողովին ելոյթ կ’ունենան նաեւ «Հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ» գիրքի հեղինակ թուրքագէտ Սիպիլ Թելէն, Հրանդ Տինք համաժողովի կազմակերպիչ, լրագրող Օսման Օքքան եւ գերմանահայ յայտնի արձակագիր Րաֆֆի Կանտեան:
Համաժողովը կը մեկնարկէ Էսսինկլէնի «Komma Komunalkino» թատրոնին մէջ «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրումով:
«52 x Esslingen» նախագիծի ծիրէն ներս Յունուար 17-ին եւ 18-ին նոյն թատրոնին մէջ ցուցադրուած են յայտնի թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի` ցեղասպանութեան վերաբերեալ նկարահանած «Սպի» եւ Էրիկ Ֆիդլերի «Աղէտ. Ցեղասպանութիւն» ֆիլմերը:
Կը նշուի նաեւ, որ քաղաքի թրքական համայնքը կը պատրաստուի այսօր կայանալիք համաժողովի ժամերուն բողոքի ցոյց իրականացնել ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներուն դէմ: