Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Տինքի Սպանութեան 9-րդ Տարելիցը. «Տինքի Սպանութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Չառերեսուելու Հետեւանք Է»

Այսօր «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի դաւադիր սպանութեան 9-րդ տարելիցին տխուր առիթով Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի ձեռնարկ մը:

Այդ մասին միացեալ յայտարարութիւն տարածած են Թուրքիոյ  հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ  շարք մը այլ հասարակական կազմակերպութիւններ ու անհատներ:

Ձեռնարկին մասնակիցները նախ երթ պիտի ունենան մինչեւ «Ակօս»-ի խմբագրատուն, որուն դիմաց սպաննուած էր Տինքը, այնուհետեւ «արդարութեան եւ խաղաղութեան» պահակ պիտի կանգնին:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս շեշտուած է, որ «Տինքի սպանութիւնը, վստահաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան հետ չառերեսուելու հետեւանք է»:

Scroll Up