Անմահն Կոմիտասին Նուիրուած Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Հայ հանճարեղ երգահան, երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետի մահուան 80ամեակը առիթ հանդիսացաւ Հալէպի մշակութասէր հանդիսատեսին ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրելու հոգեւոր, ազգային, ժողովրդային երգի վարպետին կեանքին ու վաստակին վրայ։ Այս մասին կը գրէ «Գանձասար»-ը:
Արդարեւ, Կիրակի, 17 Յունուարին, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Մշակութային Յանձնախումբին, Հալէպի Զուարթնոց եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի մահուան 80ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւն։
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհ․ Տ․ Պետրոս Արք․ Միրիաթեան։ ՆԵրկայ էին հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ երաժշտասէր հոծ բազմութինւ մը։
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Կոմիտասի կեանքէն պատառիկներ, քերթուածներ եւ թատերական ներկայացումներ։
Յանձնախումբին կողքին ձեռնարկի պատրաստութեան մէջ մեծ աշխատանք տարած էր Տէր Կոմիտաս քհնյ․Տատաղլեան։
Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արհ․Տէր Պետրոս Արք․Միրիաթեան։
Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»ի Յունուար Գ․ համարով։