Թուրք Լրագրողը Կոչ Կ’ընէ Հայերու Օրինակով Քիւրտերուն Տեղահանել Դէպի Սուրիա Ու Իրաք

Թրքական Haberlinks կայքի լրագրող ու լրատուական խորհրդատու Ճան Պիլճան կոչ կ’ընէ Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ ապրող քիւրտերուն տեղահանել դէպի Սուրիա, Իրաք ու Իրան: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:
Ճան Պիլճան թուարկած է քրտական հարցի լուծման համար անհրաժեշտ քայլերը` Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ քիւրտերուն պէտք է զրկել պետական առողջապահական ծրագիրներէն, սոցիալական օգնութիւններէն, պետական ծրագիրներէն ու գումարային օգնութիւններէն: Ան կոչ ըրած է քրտաբնակ շրջաններուն մէջ աւելցնել ոստիկաններու ու զինուորականներու իրաւասութիւնները, երկարացնել ու ընդլայնել փողոց դուրս գալու արգելքները, փակել անոնց մուտքը դէպի Թուրքիոյ զարգացած շրջաններ եւ անոնց տեղահանել դէպի Սուրիա, Իրաք ու Իրան: