Սուրիահայերու Աջակցութեան Հեռուստամարաթոն Լոս Անճելըսի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/SARF1-300x225.jpg)
Սուրիահայերուն օգնելու նպատակով, Փետրուար 21-ին, Լոս Անճելըսի մէջ պիտի իրականացուի հեռուստամարաթոն, որ նախաձեռնած է Սուրիահայութեան զօրակցութեան մարմինը (Syrian Armenian Relief Fund-SARF):
Հանգանակուած գումարը պիտի ուղղուի Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմէն տուժող մեր հայրենակիցներու առաջնային կարիքներու բաւարարման: Այս մասին, ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին, յայտնած են Միացալ մարմինի խորհուրդի անդամները, Յունուար 13-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:
«Սուրիոյ հայ համայնքը քաղաքական հակամարտութեան մաս չէ, այլ կը տուժէ ստեղծուած իրավիճակէն: Արդէն երրորդ ամիսն է, որ ամենահայաշատ քաղաքներէն Հալէպի մէջ, ելեկտրականութիւն չի մատակարարուիր, առկայ է ջուրի խնդիր, կրթօճախները կը գործեն արտակարգ ձեւով՝ քանի մը դպրոց մէկ վայրի մէջ, քանի մը հերթափոխով»,- նշած է Սուրիահայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի խորհուրդի ատենապետ Ժան Թիթիզեան: Անոր խօսքերով, նուիրաբերուած գումարին հիմնական մասը պիտի յատկացուի կրթական համակարգին, միւս մասը՝ մարդասիրական զանազան նպատակներու:
Սուրիոյ մէջ գործող հայկական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն թիւը կրճատուած է գրեթէ կէսով եւ ներկայիս 3,500-3,800 է, սակայն վարժարանները կը շարունակեն լիարժէք գործել: «Շատ կարեւոր է դպրոցները բաց պահել, քանզի ատիկա նաեւ յոյսի շող է ընտանիքներուն համար, եւ կը նշանակէ, որ կեանքը կը շարունակուի բնականոն հունով»,- նշած է Մարմինի անդամ, հեռուստամարաթոնի պատասխանատու Վազգէն Մատէնլեան:
Անդրադառնալով նիւթական միջոցներու բաշխման, Մատէնլեան տեղեկացուցած է, որ նուիրատւութիւնները կ՝ուղարկուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, ուրկէ գումարը կը փոխանցուի սուրիական համայնքի կազմակերպութիւններն ու միութիւնները միաւորող՝ «Շտապ օգնութիւն» կոչուող մարմինին: «Անոնք կը բաշխեն հանգանակութիւնները ամենակարիքաւորներուն՝ իբրեւ առաջնահերթութիւն ունենալով ուսումնական հաստատութիւնները: Մենք մեր գործընկեր կազմակերպութենէն կը ստանանք մանրամասն հաշուետւութիւն իրականացուած աշխատանքի մասին»,- հաւաստիացուցած է Մատէնլեան:
Սուրիահայութեան զօրակցութեան մարմինի յանձնախումբի անդամները կը յորդորեն ամերիկահայ համայնքին իրենց նուիրատւութիւններով օժանդակել Մերձաւոր Արեւելքի ամենահին ու աւանդական համայնքներէն մէկուն, որուն շատ յաճախ կը կոչեն Սփիւռքի մայր համայնք:
«Սուրիոյ մէջ հայերը հաստատուած են 11րդ դարէն սկսեալ՝ իրենց նշանակալի ներդրումը ունենալով այս երկրի զարգացման գործին: Սուրիահայ համայնքը մեծապէս համալրուած է 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներով: Յատկապէս Հալէպի, Գամիշլիի, Դամասկոսի, Քեսապի, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ, Հոմսի, Ռաքքայի, Հասաքէի, Տէյր Զորի նահանգներուն մէջ ապաստանած հայերու թիւը եղած է աւելի քան 100 հազար: Սուրիոյ մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով բազմահազար հայեր հեռացան երկրէն՝ շուրջ 17 հազարը բնակութիւն հաստատեց Հայաստանի մէջ, 15 հազարը՝ Լիբանանի, քանի մը հազարը՝ Սուրիոյ առաւել խաղաղ շրջաններու: Ներկայիս, ժամանակին ամենազօրեղ հայ համայնքին թիւը կրճատուած է քանի մը անգամ»,- տեղեկացուցած է Մանուկ Սէրայտարեան:
Սուրիահայութեան զօրակցութեան մարմնի անդամները կը յորդորեն հայ համայնքը՝ մասնակցիլ համահայկական նշանակութեան հեռուստամարաթոնին, որ պիտի հեռարձակուի Փետրուար 21-ին, ժամը 2-8, «Հորիզոն» (Չարթերային 387 հեռուստաալիք, ազատ անթենայով՝ 10.6 եւ 10.3), «Էյ.Ար.Թի.Էն. Շանեչ, «Եու.Էս. Արմենիա» հեռուստաընկերութիւններով եւ կազմակերպութեան կայքով՝ www.SARFtelethon.org: Նուիրատւութիւններուն համար զանգահարել՝ 866 888 7273 հեռախօսահամարով:
Սուրիահայութեան զօրակցութեան մարմնի ատենապետ Ժան Թիթիզեան կը տեղեկացնէ, որ կ՝ընդունուին նաեւ նուիրատւութիւններ՝ ուղղուած Հայաստան բնակող սուրիահայերուն:
Տեղեկանք.- Սուրիահայութեան զօրակցութեան մարմինը ստեղծուած է 2012-ին, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափին մէջ՝ Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմին մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն զօրավիգ կանգնելու նպատակով: Գործունէութեան ընթացքին այս մարմինը, որ կը միաւորէ համայնքի բազմաթիւ բարեսիրական միութիւններ, եկեղեցիներ ու կուսակցութիւններ, տարաբնոյթ հանգանակութիւններ ուղղած է սուրիահայերու ամէնօրեայ սնունդի ապահովման, որոշ մաս յատկացուած է առողջապահական ու կրթութեան հետ կապուած հարցերու լուծման, մաս մըն ալ՝ աւերուած բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներուն:
Մարմնի անդամներն են՝ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմ, Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄն-ի Արեւմտեան շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: