Ամանորեայ Հանդէս Ղրղզստանի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/Բիշքեկ3.jpg)
Չնայած Պիշքեկի հայկական կիրակնօրեայ դպրոց կը յաճախէ ընդամէնը 10-15 հայ երիտասարդ, սակայն դպրոցը կը գործէ անխափան. չէ՞ որ մայրենի լեզուն ազգային ինքնութիւնը պահպանելու հիմնական երաշխիքն է, եւ համայնքը ամէն ինչ կ’ընէ աւելի շատ երեխաներ ներգրաւելու համար: Հայկական համայնքի հիմնադիր Հենրիխ Պալեան, որուն ջանքերու շնորհիւ հիմնականին մէջ կը գործէ այս դպրոցը, վստահ է, որ աստիճանաբար պիտի գան ու սորվին: Ամէն աշակերտ իր ետեւէն կը բերէ ընկերոջը, բարեկամը, սակայն որպէսզի երեխաները սիրով գան դպրոց, այն պէտք է գրաւիչ ըլլայ: Հարկաւոր է դասերը հետաքրքիր դարձնել, մեծ տեղ տալ հայկական մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մասին վաւերագրական նիւթերուն:
Դեռեւս տարեմուտին պարզ դարձաւ, որ երեխաներէն շատերը արդէն կը գրեն ու կը կարդան հայերէն, անգիր գիտեն հայ դասականներու բանաստեղծութիւնները, կ’երգեն Հայաստանին ու Երեւանին նուիրուած երգեր: Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ, որ երեխաներուն հիւր գայ Կաղանդ պապան, մասնակցի անոնց դասերուն եւ … խօսի հայերէն:
Որոշեցին եւ հէնց այդպէս ալ ըրին:
Երեխաներուն ամանորեայ իր շնորհաւորանքը յղած էր նաեւ Տեխնիկական գիտութիւններու թեկնածու, Պատուաւոր շինարար, Ղրղզստանի մէջ Հունգարիոյ պատուաւոր հիւպատոս, «Ղրղզստան-Հունգարիա» բարեկամութեան միութեան նախագահ, Ղրղզստանի Հանրապետութեան Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, մարմնակրթութեան պատուաւոր վարպետ Հենրիխ Պալեան, որուն խորին ակնածանքով կը վերաբերին համայնքէն ներս բոլորը:
Ամանորեայ ձեռնարկները իւրայատուկ խորհուրդ ունին, եւ բոլորը կը հաւատային, որ այս Նոր տարուան պիտի իրականանան իրենց նուիրական երազանքները: Ուրեմն թող 2016 թուականը դառնայ մեր հայրենիքի բարգաւաճման, իսկ իւրաքանչիւր հայու համար` բոլոր վեհ նպատակներու, նուիրական երազանքներու իրականացման եւ բարեկեցութեան տարի:
Անդրանիկ Մատինեան
Ղրղզստան, Պիշքեկ