Վրաստանի Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Կատարուելիք Փոփոխութիւնները Խնդիրներ Կ’առաջացնեն Հայ Համայնքին Համար

Վրաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կ’ըլլան: Հիմք ընդունելով 2012 թ. Սահամանադրական դատարանին ներկայացուած հայցը` երկրին մէջ որոշած են ի մի բերել ընտրաշրջանները: «Արմէնփրէս»-­ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն հետ հանդիպման այս մասին ըսաւ վրացագէտ Ճոնի Մելիքեան:

«Դեռեւս 2012 թ. Վրաստանի Սահմանադրական դատարան հայց  ներկայացուած էր, որ երկրին մէջ կան ընտրաշրջաններ, ուր ներկայացուած է 6000, իսկ  ուրիշ ընտրաշրջանի մէջ 150 000 ընտրող: Սահմանադրական դատարանը այս փաստը համարեց հակասահմանադրական, եւ որոշուեցաւ կազմել միջին ընտրաշրջան, որ պէտք է բաղկացած ըլլայ 47500 հոգիէ»,­ ըսաւ վրացագէտը: Մելիքեան նշեց, որ օրէնսգիրքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները լուրջ խնդիրներ կը ստեղծեն հայ համայնքին համար: Օրէնսդրական փոփոխութիւններուն համաձայն, Նինոծմինտայի եւ Ախալքալաքի ընտրաշրջանները պիտի միաւորուին, իսկ Ախալքալաքի 17 գիւղ պիտի միաւորուի Պորժոմին. Ատիկա կը նշանակէ, որ հայ համայնքէն կրնայ առաջադրուիլ մէկ պատգամաւոր:

«Այդ ամէնը դժգոհութիւններ  Կը բարձրացնէ Ջաւախքի մէջ, ատոր մասին կը խօսին պագամաւորները, ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարութիւնը: Հայկական համայնքը կրնայ օգտագործել Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկները»,­ ըսաւ վրացագէտը` աւելցնելով, որ յանձանժողովը առաջարկած էր Վրաստանի մէջ փոփոխութիւններու չենթարկել ազգային փոքրամասնութիւններով բնակեցուած տարածաշրջանները:

Scroll Up