Դատարանը անպարտ հռչակած է ֆրանսահայ ոստիկանը

Գրած էինք թէ ֆրանսահայ ոստիկան Տամիէն Սապունճեան Պոպինեիի դատարանին կողմէ կը դատուէր փարիզեան արուարձաններէն Նուազի-լը-Սէքի մէջ 2012-ին աւազակ մը անտեղի կերպով սպաննած ըլլալու յանցանքով: Այս մասին կը գրէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Յունուար 15ին, դատակազմին աւելի քան վեց ժամ տեւած խորհրդակցութենէն ետք արձակուած է դատավճիռը, ուր ըստ երեւոյթին ընթացք տրուած է Սապունճեանի բացատրութեան, թէ իրը ինքնապաշտպանութեան քայլ մըն էր պարզապէս, ու անպարտ հռչակած է զայն: Սակայն, դատախազը որ չէ համոզուած անոր այդ բացատրութեան, որոշած է վերաքննութեան դիմել:

Դատավճիռի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, ծայրէ ծայր լեցուն դահլիճին մէջ հնչած են «Ոստիկանութիւնը կը սպաննէ, իսկ արդարադատութիւնը անպարտ կ՚արձակէ» գոչումներ: Ապահովութեան շատ խիստ միջոցներ առնուած էին ոստիկանին ապահովութեան համար, որ անպարտ հռչակուելէ ետք դատարանէն դուրս հանուած է գաղտնի դռնէ մը:

Scroll Up