Թուրքիոյ Մէջ Ազգային Փոքրամասնութիւններուն Ուղղուած Բարեփոխումներու Փաթեթ կը Մշակուի

Թուրքիոյ վերաբերեալ պարբերաբար հնչող մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտման մեղադրանքներուն ի պատասխան երկրի կառավարութիւնը հապշտապ ձեռնամուխ  եղած է բարեփոխումներու փաթեթի մշակման:

Վկայակոչելով թրքական «Sondakika» լրատուակայքը, Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ նշեալ բարեփոխումներուն մէջ տեղ գտած են Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն ուղղուած որոշ զիջումներ:

Մասնաւորապէս  Վանի  Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագները այսուհետեւ կրնան մատուցուիլ ոչ թէ տարին մէկ անգամ, այլ` ըստ անհրաժեշտութեան, իւրաքանչիւր ժամանակ:

Նշենք, որ  Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վերջին 5 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ թոյլտւութեամբ տարեկան 1 անգամ պատարագ կը մատուցուի: Այժմ կը նախատեսուի վերացնել այդ սահմանափակումը:

Փոփոխութիւններ պիտի կատարուին նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող անշարժ գոյքի վերադարձման գործընթացին մէջ: (Խօսքը ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն իրենց պապերու ունեցուածքի վերադարձման մասին է-խմբ.) Միջոցներ կը ձեռնարկուին գործընթացը արագացնելու եւ արհեստական խոչընդոտները վերացնելու ուղղութեամբ:

Նոյն աղբիւրին համաձայն` բարեփոխումներու փաթեթի ծիրին մէջ կը նախատեսուին նաեւ քիւրտերու համար ծրագրուող փոփոխութիւններ: Պիտի քննարկուի օդանաւերու մէջ քրտերէն ծանուցումներ կատարելու, բնակավայրերու անուններու փոփոխման կարգը արագացնելու, որոշ վայրերու մէջ քրտերէն ցուցանակներու տեղադրման նպատակայարմարթիւնը: Կը նշուի, որ քրտերէն կրթութեան հետ կապուած հարցեր այս փաթեթի ծիրին մէջ պիտի չքննարկուին:

Scroll Up