Չաւուշօղլու. Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Չեն Կարգաւորուիր, Քանի Դեռ Կայ Ղարաբաղի Հարցը

Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուն դեսպաններու 8-րդ համաժողովին ժամանակ պատասխանած է հարեւաններու հետ վատ յարաբերութիւններ ունենալու պատճառներուն մասին հարցին:

«Էրմէնիհապեր»-ի փոխանցմամբ,  Չաւուշօղլուն նշած է, որ Թուրքիան որոշ երկիրներու հետ անցեալէն մնացած խնդիրներ ունի` բերելով Հայաստանի հետ օրինակը:

Նախարարը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի խնդիրը ուղղակիօրէն Թուրքիոյ խնդիրն է, ու քանի դեռ Ատրպէյճանի տարածքներու 20 տոկոսը «գրաւուած է» եւ գոյութիւն ունի Ղարաբաղի հարց, ապա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները չեն կրնար կարգաւորուիլ:

Թուրքիոյ գլխաւոր դիւանագէտը խօսած է նաեւ ինքնաթիռի խոցումէն ետք ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած լարուածութեան մասին: Նկատել  տուած է, որ Թուրքիան դեռեւս պատասխան պատժամիջոցներ չէ կիրառած Ռուսաստանի դէմ` չնայած ունի ատոր հնարաւորութիւնները:

Ըստ աղբիւրին, Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան ամօթի կամ մեղաւոր զգալու պատճառով չէ, որ կը ցանկայ կարգաւորել Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները:

«Յոյս ունիմ, որ Ռուսաստանի մէջ կը յաղթէ ողջամտութիւնը եւ մենք կրկին կը վերադառնանք նախկին յարաբերութիւններուն»,- եզրափակած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Scroll Up