Ֆրանսահայ հրատարակութիւններու շտեմարանը հարստացաւ արժէքաւոր նոր հատորով մը

Ներկայացում՝«Յաւիտենական Հայաստան. մեծ դէմքեր» գիրքին
Թեմիս անդրանիկ Առաջնորդը՝ Նորվան Արք. Զաքարեան ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ հանդիպումներու շարքի մը ձեռնարկած է, որ տեղի կ՚ունենայ Փարիզի «Ա. Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Երեքշաբթի օրը՝ յատուկ թեմայի մը շուրջ: Այս մասին կը գրէ «Նոր Յառաջ»-ը:
Յունուար 13ի հանդիպումը նուիրուած էր նոր լոյս տեսած՝ «Յաւիտենական Հայաստան. մեծ դէմքեր» (“Arménie éternelle; grandes figures”) ֆրանսերէն հատորին ներկայացման, որուն հեղինակներն են Հրայր Հրաչեան եւ Արա Գրիգորեան, որոնք ներկայ էին երեկոյթին՝ բացատրութիւններ տալու համար իրենց գլուխ հանած գործին մասին, ապա նաեւ զայն մակագրելու՝ աւարտին:
Սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած գրասէր հանրութեան բարի գալստեան խօսքով դիմեց Նորվան Արք., որ արտայայտուեցաւ հայերէն:
Ապա, ՀԲԸՄ-ի վարչութեան կողմէ ներկաները ողջունեց Թովմաս Տիլան:
Երեկոյթը սկսաւ երաժշտական բաժնով մը, որու իրենց մասնակցութիւնը բերին սոփրանօ Քրիստինէ Այտինեան, դաշնակահար Փաթրիք Ռուքէ, քամանչահար Ժերար Գարսեան եւ շուիահար՝ Ֆիլիփ Շահպազեան, որոնք ներկայացուցին գործեր հայ անուանի այն վարպետներէն որոնց անունները տեղ գտած են այս հատորին մէջ: Արժանաւոր արուեստագէտները աւելի ուշ՝ գիրքին ներկայացման ընդմիջումով մը կրկին բեմ բարձրացան:
Հեղինակներէն Հրայր Հրաչեան ստանձնած էր սահիկներու ընկերակցութեամբ՝ գիրքին մէջ յիշատակուած մեծ դէմքերէն մի քանին ներկայացնելու առաքելութիւնը: Բայց նախքան այդ, ան հակիրճ կերպով տուաւ հատորին յղացման պատմականը, նաեւ որոշ բացատրութիւններ: Ըսաւ, թէ երբ 2010ին իր պատրաստած «Հայ մշակոյթի 101 դէմքեր» հատորին 1.000 օրինակները շուտով սպառեցան, հարց ծագեցաւ, թէ հատորը նոյնութեա՞մբ պէտք է վերահրատարակել, թէ անկէ զեղչել որոշ անուններ եւ զանոնք փոխարինել ուրիշներով: Ի վերջոյ Արա Գրիգորեանի հետ խորհրդակցելէ ետք՝ որոշեցին ոչ մէկը ընել, ոչ ալ միւսը, այլ միասնական նոր, ծաւալուն աշխատասիրութեամբ լոյս ընծայել աւելի ընդարձակ հատոր մը, որու մէջ պիտի ընդգրկուէին, ի տարբերութիւն «Հայ մշակոյթի 101 դէմքեր»ուն, ոչ միայն հայ մշակոյթը դրոշմած մեծեր, այլ նաեւ արքաներ, հրամանատարներ, գիտնականներ, ճարտարապետեր, Հայաստանի անունը պանծացուցած մարզիկներ, եւլն. ու նաեւ օտար 30 անուններ, որոնք պատմական, լեզուամշակութային, մարդասիրական կամ այլ բնագաւառներու մէջ կարեւոր նպաստ ունեցած են Հայութեան: Այսպէս է, որ ծնունդ պիտի առնէր «Յաւիտենական Հայաստան. մեծ դէմքեր» հատորին գաղափարը, որու աւելի քան 260 էջերուն մէջ պիտի խտանային հայ ազգին պատմութիւնը կերտած այդ անունները, այբբենական կարգով: Հ. Հրաչեան համեստաբար դիտել տուաւ, որ իրենց կատարած ընտրութիւնը անխուսափելիօրէն ենթակայական խորք մը ունի, եւ թէ բնական է, որ գտնուին կատարուած «ծաղկաքաղ»ին համամիտ չեղողներ:
Իսկ Արա Գրիգորեան իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց անբեկանելի կամքը հայ գրողներուն, որոնք ամենէն ծանր արհաւիրքներուն իսկ տոկալով շարունակեցին ստեղծագործել, գրել, փոխանցեցին իրենց յոյզերը, իրենց ազգին յոյզերը: Ապա, յիշեց իր մանկութեան օրերը երբ մայրը՝ երախայի մը համար քիչ մը ձանձրացուցիչ հետեւողականութեամբ իրեն գոց սորվեցնել կու տար Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնը, որ այսօր իրեն համար դարձած էր հոմանիշ՝ գողտրիկ յուշի մը, բայց մանաւանդ թանկագին գանձ մը: Ան զգալի յուզումով արտասանեց նահատակ բանաստեղծին սրտաշարժ տողերը:
Որպէս «հիւրընկալող», բնականաբար վերջին խօսքը արտասանողն ալ եղաւ Սրբազանը:
Այնուհետեւ, գրասէրներու բազմութիւնը հաւաքուեցաւ այն սեղանին շուրջ որու վրայ դիզուած էին թարմ մելան բուրող հատորները, որոնք նոյն առաւօտուն դեռ նոր հասեր էին հեղինակներուն ձեռքը: Անոնք սիրով եւ համբերութեամբ, իւրաքանչիւր փափաքողին՝ համակրական տարբեր բովանդակութիւններով մակագրեցին իրենց արժէքաւոր գործը, անթաքոյց գոհունակութեամբ՝ ի տես ցոյց տրուած մեծ հետաքրքրութեան, որ շատ մը տեսակէտէ ապերախտ այդ աշխատանքին լաւագոյն վարձատրութիւնն է անկասկած: