ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հակահայկական Զեկոյցներուն Դէմ Ստորագրահաւաքին Միացած Է Աւելի Քան 4 Հազար Մարդ

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին մէջ երկու հակահայկական զեկոյցներուն դէմ նախաձեռնած համացանցային ստորագրահաւաքին արդէն միացած է 4454 մարդ, եւ այս թիւը կ’աճի ամէն վայրկեան»:
Ստորագրահաւաքը նախաձեռնած է Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը: Ստորագրահաւաքը կ’իրականացուի Change.org կայքին մէջ: Ստորագրահաւաքը կը շարունակուի մինչեւ 2016թ. Յունուար 26, երբ ԵԽԽՎ լիագումար նիստին կը մեկնարկէ երկու հակահայկական զեկոյցներու քննարկումը:
Զեկոյցներէն մէկուն հեղինակը բրիտանացի պատգամաւոր Ռոպերթ Ուոլթերն է: Զեկոյցը կը կրէ «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւուած տարածքներու մէջ»:
Միւս զեկոյցը կը վերաբերի Սարսանկի ջրամբարին, որուն հեղինակը պոսնիացի պատգամաւոր Միլիցա Մարկովիչն է: Այն կը կրէ «Ատրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէն»: