Հանրային Զրոյց Արուեստագէտներ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի Եւ Էրիք Նազարեանի Միջեւ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին, Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին, երեկոյեան ժամը 7ին, իւրայատուկ հանրային զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ յայտնի լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի եւ մրցանակակիր բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի միջեւ։
Զրոյցը պիտի կայանայ Կլենտէյլի տարեցներու ժամանցի կեդրոնին մէջ (201 E. Colorado St.), իսկ մուտքը ազատ է։ Արուեստագէտներուն միջեւ զրոյցը անգլերէնով պիտի կատարուի, իսկ աւարտին տեղի պիտի ունենայ գիրքերու մակագրում։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել egrigorian@glendaleca.gov հասցէին կամ (818) 548-3288 թիւին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: