Մոսկուա. «Լաթաքիոյ Մէջ Սուրիական Փոքր Պետութեան Մը Ստեղծման Վերաբերեալ Էրտողանի Յայտարարութիւնները Դատարկաբանութիւն Են»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուա կը ձգտի Լաթաքիոյ շուրջ սուրիական փոքրիկ պետութիւն ստեղծել, պարզապէս Անգարայի կողմէ ինքնիր յանցանքները ծածկելու փորձ է»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ նախագահի` Լաթաքիոյ մէջ փոքր պետութիւն մը ստեղծելու Ռուսիոյ ծրագիրներուն շուրջ յայտարարութիւնները բացարձակ դատարկաբանութիւն են, եւ յստակ է, որ ան կը փորձէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց տագնապը օգտագործել ուշադրութիւն շեղելու ինքնին Թուրքիոյ կատարածէն` նկատի ունենալով, որ ան պետութիւն մըն է, որ ուրիշներէն աւելի կը միջամտէ սուրիական հարցերուն մէջ», կը գրէ «Ազդակ» օրաթերթը:
Աղբիւրը յիշեցուց, որ Ռուսիա սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր կը շեշտէ, որ Սուրիան պէտք է մնայ ժողովրդավարական, գերիշխան, աշխարհիկ եւ միացեալ պետութիւն մը:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան Երեքշաբթի օր թուրք դեսպաններու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Ռուսիան ամբաստանեց Լաթաքիոյ մէջ փոքր պետութիւն մը ստեղծելու եւ Լաթաքիոյ գիւղական շրջաններուն մէջ թիւրքմենները թիրախ դարձնելու յանցանքով: