Պայթիւն Տիարպեքիրի Մէջ. 5 Զոհ Եւ Տասնեակ Վիրաւորներ
Յղում ընելով թրքական լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն` «BBC»-ն կը յայտնէ, որ թրքական Տիարպեքիր քաղաքի ոստիկանական բաժանմունքին մօտ ինքնաշարժ մը պայթած է, որուն հետեւանքով կայ առնուազն 5 զոհ: Շուրջ 36 հոգի տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են: Պայթիւնը այնքան ուժգին եղած է, որ վնասած են նաեւ յարակից շինութիւնները:
Ըստ Panorama.am-ի` կ’ենթադրուի, որ ինքնաշարժին մէջ պայթուցիկ տեղադրուած եղած է: