Լայնածաւալ Պատերազմը Պիտի Քանդէ Տարածաշրջանը. Ուորլիք

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Յունուար 13-ին յայտարարած է, թէ համանախագահները այս տարուան ընթացքին յատուկ ճիգ պիտի թափեն աշխուժացնելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութիւնը:

Ըստ «Թերթ»-ի՝ Ուորլիք ըսած է, թէ մինչ այդ, համանախագահները պիտի շարունակեն աշխատիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ «բանակցային գործընթացը շարունակելու, շփման գիծի երկայնքին ու սահմանի վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներուն միջեւ երկխօսութիւնը խրախուսելու նպատակներով»։

Պատասխանելով «Թերթ»ի հարցումներուն՝ Ուորլիք յոյս յայտնած է, որ հակամարտութեան կողմերը կը դադրեցնեն բռնարարքները եւ կը խուսափին կիրքեր բորբոքող հռետորաբանութենէն, որ հարցականի տակ կը դնէ խաղաղութեան հասնելու նպատակը:

Ըստ անոր՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանալին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն մօտ կը գտնուի։ Ան աւելցուցած է. «Լայնածաւալ պատերազմը պիտի քանդէ տարածաշրջանը, եւ մենք կը հաւատանք, որ նախագահները այդ մէկը կը հասկնան: Յոյս ունինք, որ 2016ին հակամարտութեան կողմերը կը նստին բանակցութիւններու սեղան՝ պատրաստ կարգաւորման շուրջ յառաջխաղացք մը արձանագրելու»։

Scroll Up