Գրիգոր Յովհաննիսեանը` ԱՄՆ-ի Մէջ ՀՀ Դեսպան

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յունուար 12-ի հրամանագիրով` Գրիգոր Յովհաննիսեան նշանակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Ուաշինկթոն):
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, Սերժ Սարգսեանի այլ հրամանագիրով Գրիգոր Յովհաննիսեան ազատուած է Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներու, Քուպայի Հանրապետութեան, Գոսթա Ռիքայի Հանրապետութեան, Կուաթեմալայի Հանրապետութեան եւ Փանամայի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն, իսկ միւսով` Տիգրան Սարգսեան ազատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: