Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Քազըմ Կիւնտողանի «Քահանային Թոռները. Տերսիմահայեր-1» Գիրքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/Keşiş’in-Torunları.jpg)
Թուրքիոյ մէջ «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւնը Քազըմ Կիւնտողանի հեղինակութեամբ լոյս ընծայած է «Քահանային թոռները. Տերսիմահայեր-1» գիրքը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ին, կը տեղեկանցնէ պոլսահայերու “HyeTert” կայքէջը:
Աղբիւրին համաձայն` գիրքը կազմուած է 1937-38 թուականներուն Տերսիմի կոտորածներէն ողջ մնացած վանքցի եւ զըմեքցի քրիստոնեայ հայերու պատմութիւններէն: Այդ տարիներուն կը ռմբակոծուի եւ կ՛աւերուի 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Տերսիմի մէջ կանգուն մնացած Հալւորի Սուրբ Կարապետ վանքը: Գիւղի ալեւիներն ու քահանային տոհմը կ՛ոչնչացուին, իսկ պատահականութեամբ կոտորածէն փրկուած սակաւաթիւ ընտանիքներու անդամները կ՛աքսորուին Թուրքիոյ տարբեր բնակավայրեր:
Այս աշխատութեան մէջ ներկայացուած են այդ անհատներուն պատմութիւնները: Այդ կորուսեալ հայ քրիստոնեաները այժմ կը բնակին Սփարթայի, Իզմիրի, Տերսիմի, Պոլուի, Սթամպուլի, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Գիրքին հեղինակը հանդիպած է անոնց հետ եւ գրի առած անոնց` Ցեղասպանութենէն առաջ անցուցած կեանքի մասին անոնց պատմութիւնները, Ցեղասպանութեան մասին յուշերը եւ աքսորի, բռնի վերաբնակեցման, թրքացման, իսլամացման եւ ալեւիացման ընթացքի մասին անոնց յիշողութիւնները:
Ինչպէս գիրքին մէջ կը նշէ հեղինակը, Տերսիմը խնդիր էր Օսմանեան պետութեան համար: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւս շարունակեց եւ կը շարունակէ Տերսիմի շրջանը խնդիր համարել: Պետութեան կողմէ 1926-1947 թուականներուն ընթացքին բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ տարուած թրքացման եւ սուննի իսլամացման քաղաքականութիւնը չափազանց դաժանօրէն եւ ծրագրուած կերպով իրականացուեցաւ նաեւ Տերսիմի մէջ: