Հայկական ԶՈւ-երը Ոչինչ Անպատասխան Չեն Թողնի. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հակառակորդը կրկին կը սրէ որոշակի կայունացման միտումներ ունեցող իրավիճակը` օգտագործելով դիպուկահար կրակ: Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«ԼՂՀ-ում զոհ ունենք, ցաւակցում ու զօրակցում ենք Արամայիս Եուրիկի Ոսկանեանի ընտանիքին ու հարազատներին: Հայկական ԶՈւ-երը ոչինչ անպատասխան չեն թողնի ու կրկին անգամ «Զինուած դիմակայութեան» աստիճանի բարձրացման եւ յետագայ գործողութիւնների ողջ պատասխանատուութիւնը ընկնելու է ատրպէյճանական կողմի վրայ»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 9-ին` ժամը 21:30-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, մահացու հրազէնային վիրաւորում  ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1996թ. ծնունդ Արամայիս Եուրիկի Ոսկանեանը: Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Scroll Up