Ձայն Մը Գամիշլիէն

Գամիշլիի մեր թղթակից Յակոբ Սրկ. Պարսումեան կը տեղեկացնէ, որ հակառակ Գամիշլիի մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն տեղւոյն հայերը հովանաւորութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեանի արժանավայել կերպով նշած են Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի ու Աստուածայայատնութեան հրաշալի տօները, ուր յաւուր պատշաճի տեղի ունեցած է Ս. եւ Անմահ Պատարագ:
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ շնորհաւորած է Գամիշլիահայութիւնը եւ մաղթած խաղաղ ու բարեբեր օրեր: Ինչպէս նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան վերոնշեալ զոյգ առիթներով դարձեալ շնորհաւորական հաղորդակցութիւն ունեցած է շրջանի հոգեւոր Հօր հետ եւ իր սրտագին բարեմաղթութիւններուն կողքին զօրակցութիւն յայատնած է Գամիշլիի հայրենասէր, ազգայնասէր, քաջարի ու խիզախ ժողովուրդին եւ մաղթած անոնց արեւշատութիւն ու անվտանգ օրեր, կարենալ ձեռնհասութեամբ ղեկավարելու գաղութի յառաջիկայ ծրագիրները:
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: