33 Տարի Անց ASALA-ի Մարտիկի Աճիւնը Թուրքիայէն Տեղափոխուած Է Ֆրանսա

1982 թուականի Օգոստոս 7-ին Անգարայի «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ ASALA-ի իրականացուցած ամենակարեւոր գործողութիւններէն մէկուն մասնակից Լեւոն Էքմէքչեանի աճիւնը յանձնուած է անոր` Ֆրանսա ապրող ընտանիքին:
էքմէքչեան օդակայանին մէջ իրականացուցած զինուած յարձակման ժամանակ վիրաւորուած էր եւ թրքական դատարանի որոշմամբ 1983 թուականի Յունուար 28-ին մահապատիժի ենթարկուած:
Մահապատիժէն ետք մօտ 30 տարի անց Էքմէքչեանի ընտանիքը դիմած էր Թուրքիոյ համապատասխան իրաւական մարմիններուն` Լեւոնի աճիւնը Փարիզ տեղափոխելու համար:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` ըստ թրքական «Sondakika» լրատուական կայքի` օրեր առաջ Էքմէքչեան ընտանիքը ժամանած է Անգարա: Ստանալով բոլոր անհրաժեշտ թոյլտւութիւնները եւ աւարտելով թղթաբանական գործընթացքը` էքմէքչեան ընտանիքի ներկայութեամբ Անգարայի Ջէպէճի գերազմանատան մէջ գտնուող Լեւոն Էքմէքչեանի գերեզմանը բացուած է: Լեւոն Էքմէքչեանի աճիւնը տեղափոխած են Փարիզ` այնտեղ արտաշիրիմելու նպատակով:
1982 թուականի Օգոստոս 7-ին ԱՍԱԼԱ-ի «Խրիմեան Հայրիկ» ջոկատը Անգարայի Էսէնպողայի օդակայանին մէջ իրականացուցած է «Կարին» գործողութիւնը, որուն ընթացքին վիրաւոր ու ուշագնաց վիճակի մէջ գերեվարուած է Լեւոն Էքմէքչեան, իսկ ջոկատի հրամանատար Զոհրապ Սարգսեան ինքնասպան եղած է, երբ զինամթերքը վերջացած է: 1983 թուականի Յունուար 28-ին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Լեւոն Էքմէքչեան մահապատիժի ենթարկուած է: Անոր մարմինը թաղած էին Անգարայի Ջէպէճի Ասրի գերեզմանատան մէջ:
ԱՍԱԼԱ-ն դեռեւս 1991 թուականին` Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, յայտարարեց իր գործունէութեան դադարեցման մասին: