«Դիլիջան»ի 2015-2016 Տարեշրջանի Երրորդ Համերգին Պիտի Ներկայացուի Թանայեւի Հնգեակը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտանոցի «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգաշարի 2015-2016 տարեշրջանի երրորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 17ին, կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012), իսկ անոր ընթացքին պիտի ներկայացուի ռուս յօրինող Սերկէյ Թանայեւի գլուխ գործոցը նկատուող դաշնամուրի հնգեակը, որ հազուագիւտ առիթներով կը կատարուի։
Հնգեակը պիտի ներկայացնեն միջազգային հռչակ վայելող հետեւեալ կատարողները՝ Մովսէս Պօղոսեան եւ Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Կիյեմ Սութր (ջութ) եւ Արմէն Քսաճիքեան (թաւջութակ) եւ Արմէն Կիւզելիմեան (դաշնամուր):
Նշեալ գործին կողքին, պիտի ներկայացուին Սարեանէն, Շոսթաքովիչէն, æութճեանէն, Միրզոյեանէն եւ Յովհաննէսէն ստեղծագործութիւններ:
«Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգաշար 11րդը հանդիսացող եւ Հայոց Ցեղասապանութեան հարիւրամեակին նուիրուած այս տարեշրջանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել http://larkmusicalsociety.com/dilijan կայքէջը:
Տոմսերու գինը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար: Տեղեր ապահովելու համար դիմել՝ (818) 500-9997 թիւին, կամ այցելել՝ www.itsmyseat.com/events/400838.html կայքէջը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: