Յունուար 8-ը Աշխատանքային Օր Է

2016 թուականի առաջին աշխատանքային օրը պիտի ըլլայ Յունուար 8­-ը: Այդ մասին կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: «Յարգելի գործընկերներ, միշտ հարց են տալիս` արդեօք աշխատանքային օր է Յունուարի 8­-ը: Այո, աշխատանքային օր է: Կառավարութեան կողմից որեւէ փոփոխութիւն չի արուել եւ օրէնսդրութիւնը գործում է»,-­ ըսած է Յովիկ Աբրահամեան:

Վարչապետը աւելացուցած է նաեւ, որ նոյնիսկ Յունուար 4-­ին որոշ նախարարներու, գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հետ պիտի աշխատին, 2016 թուականի ծրագիրներու մասով քննարկումներ պիտի կազմակերպեն:

Scroll Up