Աւստրալիոյ Մէջ Հիմնուեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/IMG_40711.jpg)
Վերջապէս Հալէպէն Աւստրալիա հաստատուած՝ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն խումբ մը շրջանաւարտներու եւ թերաւարտներու տարիներու երազը իրականացաւ եւ Հինգշաբթի 10 Դեկտեմբերին, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ հիմքը դրուեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աւստրալիոյ շրջանի Շրջանաւարտից Միութեան:
Ներկայութեամբ աւելի քան 50 ճեմարանականներու եւ հիւրերու, Սիտնիի Ուիլուպիի Հայ Մշակութային կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ անդրանիկ հիմնադիր ժողով, որուն բացումը կատարեց վերջերս Հալէպէն Աւստրալիա գաղթած Պրն. Պօղոս Պալիօզեան, որ միասնաբար քանի մը այլ ճեմարանականներու հետ, նախաձեռնեց ու կազմակերպեց այս հաւաքը: Պրն. Պալիօզեան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շեշտեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ունեցած կարեւոր դերը իր սաներու կեանքին մէջ: Ան ըսաւ Ճեմարանը մեզի համար սոսկ դպրոց մը չէր, այլ անիկա սերունդներ կերտող հաստատութիւն մը եղաւ եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբող կրթօճախ մը:
Պրն Պալիօզեան շեշտեց նաեւ Շրջանաւարտից Միութեան կարեւոր դերը ճեմարանի սատարման աշխատանքին մէջ եւ անդրադարձաւ անոր հիմնադրութեան կարեւորութեան Աւստրալիոյ մէջ եւս: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի ՀՅԴ Դրօ Առանձնակի կոմիտէին իր զօրակցութեան ու քաջալերանքին սոյն ծրագրին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի ՀՕՄ –ի Շրջանային վարչութեան, որ յանձն առած էր օրուան թէյասեղանի պատրաստութեան եւ հիւրասիրութեան պարտականութիւնը:
Խօսք առաւ նոյնպէս Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ աւելի քան 27 տարիներ Աւստրալիա հաստատուած, Գօլստըն Ճեմարանի անցեալի երկարամեայ հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ Սիտնիի մէջ միութենական կեանքէն ներս զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած ընկեր Ասատուր Շուկայեան: Պրն. Շուկայեան յայտնեց ներկաներուն թէ նախքան սոյն հաւաքին կազմակերպուիլը, նախապատրաստական լուրջ աշխատանք տարուեցաւ խորհրդակցաբար շրջանի կոմիտէին հետ, որուն հաւանութիւնն ու օրհնութիւնը ստանալէ ետք կամաւորներ գործի անցան եւ աւելի քան 100 է աւելի ճեմարանականներու անուններէ բաղկացած անուանացանկ մը յառաջացուցին, որոնց մեծամասնութիւնը արդէն իսկ ներկայացած էր այս ժողովին:
Պրն. Շուկայեան աւելցուց թէ « Նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, կապ հաստատուեցաւ նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան հետ, որոնցմէ ստացանք գնահատանքի ու քաջալերանքի խօսքեր, որոնք քիչ ետք կ’ընթերցուին, ինչպէս նաեւ Հալէպի ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան ծրագիր-կանոնագիրը, որուն հիման վրայ պատրաստուած ձեզի պիտի ներկայացուի Աւստրալիոյ շրջանի ծրագիր-կանոնագիրը առ ի վաւերացում»:
Պրն. Շուկայեան յայտնեց նաեւ ներկաներուն թէ սոյն միութեան հիմնադրութեան գլխաւոր նպատակն է, նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար դառնալ մեր սիրելի Ճեմարանին եւ անոր սաներուն, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ օժանդակելու Համազգային Գօլստըն Ճեմարան յաճախող Սուրիահայ աշակերտներուն:
Հաւաքի ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Աւստրալիոյ ՀՅԴ Դրօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Գէորգ Վարդանեանը, Աւստրալիոյ Համազգային Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկ. Վիգէն Գալլողլեանը եւ Աւստրալիոյ ՀՕՄ ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ընկհ. Մարալ Փիլիպոսեանը: Խօսնակները սրտանց շնորհաւորեցին ներկաները, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներն ու կամաւորները նմանօրինակ նախաձեռնութեան մը համար, շեշտելով անգամ մը եւս իրենց կազմակերպութիւններու ամբողջական զօրակցութիւնը Շրջանաւարտից Միութեան հիմնադրութեան աշխատանքներուն: Անոնք նաեւ իրենց գնահատանքը արձանագրեցին թէ օտար ու հեռաւոր այս ափերուն վրայ իսկապէս ուրախալի երեւոյթ էր տեսնել հիմնադրութիւնը Շրջանաւարտից Միութեան, որը վստահաբար մեծապէս պիտի նպաստէ մեր երկու Ճեմարաններուն:
Ժողովը իր օրինաւոր ընթացքով շարունակուելու համար, ներկաները ընտրեցին օրուայ դիւանը, նախագահ Պրն Ասատուր Շուկայեան, իսկ քարտուղար՝ Տիկ. Ալին Պալիօզեան – Համամճեան: Ժողովի ընթացքին ընթերցուեցան Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէն Պրն Յակոբ Քիլէճեանի շնորհաւորական խօսքերը, որոնք բարձր կը գնահատէին Աւստրալահայ ճեմարանականներու այս քայլը եւ բազում յաջողութիւն կը մաղթէին միութեան:
Ընթերցուեցաւ նաեւ Շրջանաւարտից միութեան կանոնագրութիւնը, ապա Աւստրալիոյ շրջանին համար , ըստ գաղութի պայմաններուն փոփոխութիւններ առաջարկուեցան, որոնք մեծամասնութեան ձայներով վաւերացուեցան:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ վարչութեան ընտրութիւն: Բաց քուէարկութեամբ ընտրուեցան հետեւեալ ճեմարանականները, որպէս Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աւստրալիոյ շրջանի Շրջանաւարտից Միութեան առաջին վարչութիւն՝
Պրն Ասատուր Շուկայեան
Պրն Պօղոս Պալիօզեան
Տիկ. Ալին Պալիօզեան – Համամճեան
Տիկ. Թալին Կարապետեան
Տիկ. Նորա Սեւակեան
Պրն. Վիգէն Թիւթիւնճեան
Եւ Պրն. Մինաս Պարսումեան
Ժողովի նստավայրը որոշուեցաւ՝ Ուիլուպիի Հայ Մշակութային կեդրոնը:
Ժողովը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որ մեծ անակնկալ էր բոլոր ներկաներուն:
Ճեմարանականները շնորհաւորեցին նորընտիր վարչութիւնը եւ մեկնեցան սրահէն շուտով կրկին հանդիպելու խոստումով յաջորդ անդամական ժողովին:
Կը մաղթենք, որ հիմնադիր անդրանիկ այս ժողովը ըլլայ Շրջանաւարտից Միութեան յաջողութեան առաջին հանգրուանը, որը շուտով պիտի առաջնորդէ միութիւնը հսկայ յաջողութիւններու եւ արժանավայել կերպով զայն ծառայեցնելու իր իսկական նպատակներուն ու առաքելութեան:
Կեցցե՛ն Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ինչպէս նաեւ Հալէպէն ներս ու սփիւռքի զանազան երկիրներուն մէջ ապրող իր մեծ ընտանիքի հարազատ զաւակները:
www.armenia.com.au