Պուլկարիոյ Մէջ Թուրք Գործիչը Հեռացուած Է Կուսակցութեան Նախագահութենէն Թուրքիան Պաշտպանելուն Համար
Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւի խոցումէն ետք լարուած ռուս-թրքական յարաբերութիւնները նոր աղմհահարոյց հարցի պատճառ դարձած են Պուլկարիոյ մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Միլլիէթ» պարբերականը, Պուլկարիոյ «Իրաւունքներու եւ ազատութիւններու շարժում» կուսակցութեան նախագահը հեռացուած է իր պաշտօնէն, երբ ռուսական օդանաւի կործանման հարցով աջակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ:
Կուսակցութեան նախագահ, ազգութեամբ թուրք Լութուի Մեսթանի կողմէ ռուսական օդանաւի կործանման հարցով Թուրքիոյ իր աջակցութիւնը յայտնելու վերաբերեալ յայտարարութեան ընթերցումը զայրացուցած է կուսակցութեան պատուաւոր նախագահ Ահմեթ Տողանը:
Վերջինս հրաւիրած է կուսակցութեան խորհուրդի նիստ եւ հեռացուցած է Մեսթանը իր պաշտօնէն: Լութուի Մեսթանը, որ զրկուած է անվտանգութեան աշխատակիցներէ, ապաստան խնդրած է Սոֆիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունէն եւ իր երեխաներուն հետ տեղափոխուած հոն: Կը հաղորդուի, որ խնդրին խառնուած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուն, որ զանգահարած է Պուլկարիոյ իր պաշտօնակիցին ու խնդրած աջակցիլ Մեսթանին: Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսովը յայտնած է, որ ան որեւէ կողմի պիտի չաջակցի:
Նոյեմբեր 24-ին ռուսական Սու-24 օդանաւը Սուրիոյ տարածքին թրքական սահմանէն 1 քմ. հեռաւորութեան վրայ կործանուած է Թուրքիոյ օդուժին կողմէ արձակուած «Երկինք—երկինք» հրթիռով եւ վար իյնկած Թուրքիոյ սահմանէն 4 քմ. հեռաւորութեան վրայ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ ռուսաստանեան Սու-24 ռմբակոծիչի խոցումը թրքական օդուժին կողմէ անուանած է «հարուած թիկունքէն», որ հասցուած է Ռուսիոյ «ահաբեկիչներու յանցակիցներուն կողմէ»:
«Այդ իրադարձութիւնը դուրս է ահաբեկչութեան հետ սովորական պայքարի շրջանակէն: Այսօրուան կորուստը կապուած է հարուածի հետ, որ մեր մէջքին հասցուցին ահաբեկիչներուն յանցակիցները: Այն ինչ այսօր տեղի է ունեցաւ, ես չեմ կրնար այլ կերպով անուանել»,- ըսած է Փութին: