Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի «Բաժակի Պահ»ը

Պոլսահայ միութեան Կեդրոնական վարժարանի սանուց յանձնախումբի անդամներն ու համակիրները այս տարի ալ իրենց սիրելի վարժարանին պատմութիւնը վերապրեցան, եւ անոնց հոգիներուն մէջ վերանորոգուեցաւ անիկա։ Արդարեւ, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12ի գիշերը, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 129րդ ամեակի «Բաժակի պահ» ձեռնարկը:
Ձեռնարկը ձեռնհասօրէն հանդիսավարեց Յակոբ Ծերունեան. ան բոլորը ողջունելէ ետք՝ հրաւիրեց յանձնախումբի ատենապետ Աւետիս Թէքօլեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբ Ծերունեանին, որուն ջանքերով յաջողեցաւ սոյն ձեռնարկը, ապա շնորհաւորեց բոլոր Յակոբ անունը կրողներուն տօնը՝ նկատի ունենալով, որ այդ օր Ս. Յակոբայ տօնին կը զուգադիպէր:
Ծերունեան ապա յայտնեց, թէ իր շրջանաւարտութեան 60րդ տարեդարձն էր այս տարի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնականցի ընկերներուն, որոնց կը պարտի սոյն աւանդական գիշերուան իրականացումը՝ առանձնացնելով յատկապէս Աւետիս Թէքօլեանը, Եղիա Քէօսէն, Ասատուր Չիլինկիրեանը, Հրանդ Ռաքըճեանը, Սիմոն Աճիլաչօղլուն, տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը, Երուանդ Տօնիկեանը, Մկրտիչ Մենզիլճեանը, Սարօ Մարուքեանը եւ Սարգիս Սէթեանը:
«Կեդրոնական վարժարանը շատ արժէքներ հասցուցած է», ըսաւ Ծերունեան, ու ներկայացուց 1967-68ի շրջանաւարտ փրոֆ. Արշաւիր Անտենեանը, որուն հակիրճ կենսագրականը ընթերցեց: Ան նաեւ շնորհաւորեց կեդրոնականցի Յովսէփ Թոքաթի նոր լոյս տեսած «Աւերակ Քղի» հատորին հրատարակութիւնը եւ յիշեց հանգուցեալ կեդրոնականցիներու ընտանիքները, որոնք եկած էին իրենց հարազատներուն ներկայութիւնը փոխարինելով՝ վառ պահելու անոնց յիշատակը, ինչպէս նաեւ՝ «Կեդրոնական»ի ուսուցիչ, նորոգ հանգուցեալ մտաւորական եւ բանաստեղծ Արթօ Ճիւնպիւշեանը, որ իր գրութիւնները Զարեհ Խրախունի ծածկանունով կը ստորագրէր:
Ան յիշեց նաեւ վարժարանի 129 տարիներուն ընթացքին նիւթապէս կամ բարոյապէս ծառայող հարիւրաւոր անձերուն խնկելի յիշատակը՝ սկսելով մեծանուն կրթասէր Ներսէս արք. Վարժապետեանէն ու հասնելով հիմնադիրներուն, բարերարներուն ու տնօրէններուն, նուիրեալներուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու հրաւիրելով ներկաները:
Ապա Թէքօլեան հրաւիրեց յանձնախումբի երիցագոյն անդամ Յակոբ Ծերունեանը եւ կրտսերագոյն անդամ Լեւոն Չելիքեանը, ու բոլորը միասին բաժակները բարձրացնելով՝ գոչեցին «Ապրի՛ Կեդրոնականը, ապրի՛ կեդրոնականցին»:
Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերներ ու ճաշեր՝ DJ Արշակ Խնդիրեանի մեղեդիներուն եւ երգիծական սրամտութիւններուն ունկնդրութեամբ:
Այնուհետեւ, հանդիսավարը ամպիոն հրաւիրեց Էսաեան սանուց յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի Ալին Տօնիկեանը, որ ըսաւ. «Բաժակի պահը մեզի այսօր տարաւ Կեդրոնական վարժարանի օճախին հին եւ պանծալի օրերուն: Ինչպէս Կեդրոնականի սաները, նաեւ համայն հայութիւնը քաջ գիտէ, թէ սոյն վարժարանը ի՛նչ կը նշանակէ. անիկա միայն վարժարան մը չէ, որ իր սաներուն ջամբած է գիտութիւն, զօրաւոր ազգային ու համահայկական ոգի, այլ եղած է իմացական զարգացումի կեդրոնը եւ ազգային օճախը, ուր ուսանողները իրենց պատանեկութեան օրերը ապրեցան՝ վայելելով «Կեդրոնական»ի դաստիարակներուն ծառայութիւնը»: Ապա ան ընթերցեց «Կեդրոնական» յաճախած Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան բանաստեղծի երկերէն հատուած մը:
Ծերունեան, հիմնուելով «Կեդրոնական»ի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանի կողմէ տրուած տուեալներուն վրայ՝ հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց 2015 տարեշրջանի վարժարանի պիւտճէին, պաշտօնեաներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ՝ ուսանողութեան եւ դասարաններու թիւին մասին: Ան բացատրեց, թէ յիսուն տարիէ եւ աւելի շրջանաւարտ եղող անձերուն յիշատակի գիրեր պիտի բաժնուին, հետեւաբար՝ հրաւիրեց չորս հոգի՝ Սիմոն Աճիլաչօղլու, տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, Բարսեղ Տէմիրճեան եւ Յովսէփ Թոքաթ, որոնք ատենապետ Աւետիս Թէքօլեանի ձեռամբ ստացան յիսուն տարուան եւ աւելի շրջանաւարտութեան իրենց յիշատակի գիրերը: Ապա անոնց ձեռամբ հատուեցաւ 129րդ ամեակի կարկանդակը, որուն յաջորդեց խմբային յիշատակի լուսանկար:
Ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ վարժարանի 65ամեակին առթիւ նկարահանուած տեսաերիզ մը:
Գիշերը հասաւ իր աւարտին. ակնյայտ էր, թէ Կեդրոնական վարժարանի դիմագիծի ամէնէն պայծառ եւ շողարձակ գիծը հայերէն լեզուն էր՝ կտակուած վարժարանին նուիրեալ ուսուցիչներէն, որ կը ցոլայ բոլոր կեդրոնականցիներու հոգիներուն մէջ:
Ասպարէզ
ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ