Ատրպէյճանի Զինուժը Կրկին Սադրանքի Դիմած Է. 18-Ամեայ Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած Է
Վերջին երկու օրերուն ընթացքին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հաստատուած համեմատաբար հանգիստ վիճակը այսօր կրկին խախտուեցաւ ատրպէյճանական զինուժի սադրիչ գործողութեամբ:
ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` Դեկտեմբեր 25-ին` ժամը 13:00-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ` հակառակորդի դիպուկահարի կողմէ արձակուած կրակոցէն, մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997թ. ծնած Կարէն Սիսակի Աքուլեան:
Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: