ԱՄՆ-ի 30 Օրէնսդիրներ Օպամայի Վարչակազմին Կոչ Ուղղած են Քրիստոնեաներու Ցեղասպանութեան Մէջ ԻՊ-ը Մեղադրելու

Օպամայի վարչակազմին կոչ ուղղուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման կողմմէն քրիստոնեաներու եւ այլ խումբերու դէմ, ինչպէս եզտիներու, յարձակումները գնահատել իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերը։
Նման առաջարկով հանդէս եկած են 30 օրէնսդիրներ` ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի գլխաւորութեամբ:
«Վարչակազմը կը պատրաստուի յայտարարել ցեղասպանութեան դէպքերու (ԻՊ-ի կողմէ) մասին ուղղուած բացառապէս եզտիներու դէմ, չյայտարարելով, որ ԻՊ-ը նոյնպիսի ցեղասպանութիւն կ՝իրականացնէ նաեւ քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ` ոչնչացնելով զանոնք»,- ըսուած է կոչին մէջ: