Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին Նուիրուած ՀԲԸՄի «Յոյսի Մեղեդիներ» Համերգը

Շաբա,թ 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ինը արուեստագէտներ եւ հարիւրաւոր հանդիսականներ հաւաքուած էին «Քարնըկի Հոլ»ի «Ուէյլ Ռիսայթըլ Հոլ»ին մէջ, մասնակցելու համար Նիւ Եորքի Յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբի նախաձեռնած Կատարողական արուեստներու համերգին:
Երաժշտական երեկոն, որ խորագրուած էր «Յոյսի Մեղեդիներ», կը յիշատակէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Ձեռնարկին իբրեւ արդիւնք գոյացաւ 50,000 տոլարի գումար մը՝ ի նպաստ աշխարհի տարածքին կատարողական արուեստներու նախաձեռնութեանց:
Երեկոյի յայտագիրին կը մասնակցէին արուեստագէտներ Հայաստանէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, Չինաստանէն, Մակեդոնիայէն, Փորթուկալէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Բոլորին պարագային ալ ասիկա իրենց առաջին մասնակցութիւնն էր Կատարողական արուեստներու համերգներու այս շարքին: Անոնք ստացած էին ՀԲԸՄի Կատարողական արուեստներու կրթական մրցանակներ, որոնք օգնած էին իրենց ուսումը կատարելագործելու եւ տաղանդները մշակելու երաժշտական անուանի հասատութիւններէ ներս։
Այս տարուան արուեստագէտներու միջազգային խումբին մաս կը կազմէին Արփինէ Ազատեան (ջութակ), Սոնա Բարսեղեան (դաշնակ), Վասգօ Տուքովսքի (դուդուկ եւ քլարինէթ), Լուք Ռէթքլիֆ Խաչատուրեան (դաշնակ), Արթիւր Մուրատեան (ջութակ եւ վիոլա), Թալին Նալպանտեան (մեցցօ սոփրանօ), Աստղիկ Պօղոսեան (ջութակ), Թամարա Սեւունց (դերասան եւ բանաստեղծուհի) եւ Էյմի Չէօփճեան (թաւջութակ):
Համերգի աւարտին, Սեւունց շեշտեց երիտասարդ արուեստագէտները ի մի բերող այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը:
Երեկոյի գեղարուեստական ղեկավարն էր Աստղիկ Պօղոսեան, որ յայտագիրի բացումը կատարեց, բացատրելով անոր յատկանշական բնոյթը:
Համերգի ընտրանի յայտագիրը կազմուած էր արեւմտեան դասական եւ հայկական երաժշտութենէն նմոյշներով՝ Շարաֆեան, Շոսթաքովիչ, Ռախմանինոֆ, Սարեան եւ Պեթհովէն: «Քարնըկի Հոլ»ի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ հանրութեան ներկայացուեցաւ «Սայաթ Նովա» երաժշտական միջազգային մրցումին շահող յօրինումը՝ «Գողգոթայի Ծաղիկներ»ը, որուն հեղինակն է Յովիկ Սարտարեան: Յայտագիրին մաս կը կազմէր նաեւ ասմունքային կատարողութիւն՝ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն:
Ներկայացուեցաւ Կոմիտասի «Ծիծեռնակ»ը, իւրայատուկ կերպով մշակուած Շանկհայի երաժշտանոցի ուսանող Եէնկ Էիյի կողմէ, որպէս նուէր եւ յարգանքի արտայայտութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին:
ՀԲԸՄի Կատարողական արուեստներու բաժինի տնօրէն դոկտ. Հայկ Արսէնեան՝ խօսելով այս տարուան համերգի յատուկ խորագիրին մասին, ըսաւ. «Այս տարի ուզեցինք հանդիսականները հաղորդակից դարձնել մեր ժողովուրդի հինէն եկող երաժշտական աւանդին, միջնադարէն մինչեւ ժամանակակից արուեստի գործերով, ցոյց տալու համար մեր մշակոյթի կենսունակութիւնը»։
ՀԲԸՄի Կատարողական արուեստներու բաժինին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք այցելել http://www.agbuperfomingarts.org կայքը:

Թղթակցութիւնը ՀԲԸՄէն

Scroll Up