Դոկտ. Էլի Անդրէասեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Շքանշանով

ՊԸՐՊԵՆՔ, «Նոր Օր».- Կիրակի, Դեկտեմբեր 6ին, յաւարտ Ս. պատարագի, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, դոկտ. Էլի Անդրէասեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ մետալ»ով։ Առաջնորդը բարձրօրէն գնահատեց դոկտ. Անդրէասեանի տարիներու վաստակը, ապա անոր լամբակը զարդարեց ոսկեայ շքանշանով։
Դոկտ. Էլի Անդրէասեան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալով Երեւանի Պրիւսովի անուան օտար լեզուներու համալսարանէն՝ նոյն հիմնարկէն ներս դասաւանդած է ֆրանսերէն եւ ֆրանսական գրականութիւն։ Անցնելով Միացեալ Նահանգներ՝ ան նշանակուած է տնօրէն Պոսթընի ՀԲԸՄի վարժարանին, միաժամանակ հետեւելով նաեւ Թորոնթոյի ՀԲԸՄի Ծառուկեան վարժարանին՝ այցելու տնօրէնի կարգավիճակով։ Հաստատուելով Լոս Անճելըս, ան երկար տարիներ վարած է ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը՝ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։ Ներկայիս ան կը շարունակէ իր նուիրեալ աշխատանքը ամերիկահայ ուսումնական կեանքէն ներս՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով եւ ղեկավարելով Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարանները, ինչպէս նաեւ մաս կազմելով ՀԲԸՄ Փասատինայի Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանի կրթական մարմինին։ Դոկտ. Անդրէասեան նաեւ անդամ է Արեւմտեան Ամերիկայի դպրոցներու եւ համալսարաններու ընկերակցութեան (WASC)։
Շարք մը այլ պատիւներու կողքին, ան 2006ին արժանացած է Ս. Էջմիածինի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին։
Յետ եկեղեցական արարողութեան, դոկտ. Անդրէասեանի գործընկերներէն եւ բարեկամներէն խումբ մը հաւաքուեցաւ սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսք արտասանեց մեծարեալի դուստրը՝ Արուս Անդրէասեան, ապա գործընկերներ, մտաւորականներ եւ բարեկամներ, գնահատելով դոկտ. Անդրէասեանի կրթական վաստակը՝ ջերմօրէն շնորհաւորեցին մեծարեալը։
Յուզիչ, սակայն ինչպէս միշտ՝ ամո՛ւր էր մեծարեալին խօսքը։
Յաջողութիւն, երկար եւ առողջ կեանք կը մաղթենք դոկտ. Էլի Անդրէասեանին, որպէսզի շարունակէ ազգային-հասարակական կրթանուէր առաքելութիւնը՝ ամերիկահայ մեր կեանքէն ներս։