Արա Կիւլեր Լուսանկարած է Էրտողանն Ու Անոր Թոռնիկները

Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր լուսանկարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու անոր ընտանիքի անդամները: Նախագահը լուսանկարելու ցանկութիւն յայտնած է Կիւլերը: Այս մասին կը գրէ «էրմենիհապեր»-ը` վկայակոչելով «Cnnturk» լրատուական ծառայութիւնը:

Նախագահականի իր աղբիւրներուն յղում ընելով, լրատուամիջոցը մանրամասնած է, լուսանկարիչը զանգահարած է Էրտողանի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընին եւ ըսած, որ կը ցանկանայ լուսանկարել Էրտողանը, որը վերջին անգամ իր տեսախցիկին առջեւ յայտնուած էր 2012 թուականին:

Նախագահ Էրտողան աշխարհահռչակ լուսանկարիչը ընդունած է Քըսըքլըի մէջ գտնուող իր բնակարանին մէջ: Կիւլեր լուսանկարած է նախագահը, առաջին տիկինը` Էմինէ Էրտողանը եւ անոնց թոռնիկները` Ահմեթն եւ Մահինուրը:

Հանդիպման աւարտին պոլսահայ լուսանկարիչը Էրտողանին նուիրած է «Հին Սթամպուլի յուշեր» գիրքը, ուր զետեղուած են իր լուսանկարները: էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է Կիւլերին լուսանկարչական արուեստին մէջ ունեցած մեծ ներդրումներուն համար:

nx 1(1)

erdogan-

Scroll Up