Ես Իմ Մասիս Չէի Մտածեր, Տղո՛ց Մասին Կը Մտածէի…».

Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմը կը շարունակուի՝ իր բոլոր արհաւիրքներով: Այդ պատերազմը շատոնց դուրս ելած է ոչ միայն իր տեղական՝ այլ նոյնիսկ տարածաշրջանային բնոյթէն: Քանդումը կը շարունակուի: Դերակատարները (աւելի քան տասնեակ մը տեղական, տարածաշրջանային ու մեծ ուժեր) կը շարունակեն սուրիական պատմուճանին վրայ վիճակ ձգելու իրենց անդադրում ճիգերը: Որո՞ւ հոգը հարիւր հազարաւոր զոհերը, միլիոնաւոր գաղթականները, Ստալինկրատ կա՛մ Տրեսզտըն յիշեցնող քանդումը:
Ու այս բոլորին մէջ, սուրիահայութիւնը՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Դամասկոսի ու Գամիշլիի մէջ: Բայց հիմնականին մէջ՝ Հալէպը, որովհետեւ այդ քաղաքը երկար ատենէ ի վեր կը մնայ կռուախնձոր՝ պետական ուժերու եւ արտաքին ուժերու կողմէ զինուած ու ֆինանսաւորուող ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ: Հալէպը, իր ազգային կառոյցներով, դպրոցներով ու եկեղեցիներով, ակումբներով ու միութիւններով, բայց մանաւանդ՝ այս բոլորին խարիսխը հանդիսացող ժողովուրդով, կը կրեն պատերազմի բոլոր հետեւանքները, ապահովականէն սկսեալ մինչեւ ամենապարզ կենցաղային բնագաւառներէ ներս:
Բայց հալէպահայութիւնը անտէր անտիրական չէ: Գլուխ ունի, ղեկավարութիւն ունի, Շտապ օգնութեան մարմին ունի, բաղկացած՝ կուսակցութիւններէ, հոգեւոր պետերէ եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններէ: Այս մարմինն է, որ տէր կը կանգնի ժողովուրդին, կը հոգայ անոր կարիքները, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ ու կը ղեկավարէ օժանդակութեան եւ ծառայութեան ամբողջ համակարգ մը:
Այս հաւաքական ղեկավարութեան շնորհիւ է, որ հայու անհաւատալի յամառութեամբ, կը շարունակուի համայնքային, կազմակերպ կեանքը: Այսինքն՝ դպրոցները, մշակութային կեանքը, ազգային տօնախմբութիւնները, մամուլը, համերգները, հրապարակային բազմատեսակ ձեռնարկները ինչպէս նաեւ արուեստագէտներու այցելութիւններ ու համերգներ, ինչպէս էր պարագան ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի՝ տակաւին վերջերս:
Այս աշխատանքներուն կիզակէտին վրայ կը գտնուի, բնականաբար, ՀՅ Դաշնակցութեան Սուրիոյ կազմակերպութիւնը, իր ամբողջ ներուժով, տեղական թէ համահայկական: Այս յամառ ճիգերուն ուղղակի մասնակից եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած երկու հայորդիներ՝ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան եւ Րաֆֆի Աւետիսեան, այս օրերուն կը գտնուին Մ. Նահանգներ, անձամբ զեկուցելով հալէպահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքներուն ու մանաւանդ՝ անոր դիմադրական ոգիին մասին:
Այս դիմադրական ոգիին հարազատ պատկերացումը կու տար մօտաւորապէս 15 վայրկեաննոց վաւերագրական ժապաւէն մը, որ ցուցադրուեցաւ բազմաթիւ վայրերու մէջ: Հոն տեսանք ոչ միայն պատերազմին արհաւիրքը հայաշատ թաղամասերէն ներս, այլեւ այդ արհաւիրքը արհամարհելով ժողովուրդի ապահովութէան հսկող հայ տղաք՝ գաղափարական օրինակելի նուիրումով: Նուիրում մը, որ հպարտութիւն կը պատճառէ: Նուիրում մը, որ չգրուած ու չխօսուած պատգամ է կարծէք: Նուիրում մը, որ բխած է հայութեան բովանդակ շահերուն պաշտպան կանգնելու 125ամեայ գաղափարական սկզբունքէն:
Նոյն այդ տղաքն են, որ ռմբակոծումներուն պատճառած փլատակներուն տակէն քաղաքացիներ կը փրկեն (ինչ ազգի կամ դաւանանքի ալ պատկանին անոնք), վիրաւորները հիւանդանոցներ կը հասցնեն հայաշատ թաղամասերու անկիւնները անքուն գիշերներ լուսցնելով հանդերձ:
Այդ ժապաւէնին մէջ տեսանք նաեւ նոյն այս տղոց նկատմամբ ժողովուրդին գուրգուրանքին վկայութիւնները՝ «միայն տղոց բան մը չըլլայ» ներքին տրամաբանութեամբ: Այսպէս կ՛արտայայտուէր հալէպահայ տիկին մը, երբ կը նկարագրէր իր բնակարանին ռմբահարումը. քանի մը վայրկեան առաջ «տղաքը հոս էին», քիչ անդին ինկած ռումբի մը վնասները ու իր ապահովութիւնը ստուգելու: Անոնց մեկնումէն անմիջապէս ետք՝ ռումբի մը պայթումին ուժգին ճնշումը զինք գետին կը փռէ, դուռ-պատուհան վրան շպրտելով. պատշգամը քանդուած էր, «ճիշդ հոն, ուր տղաքը կեցած էին», փլատակներուն տակէն՝ «Ես իմ մասիս չէի մտածեր, տղոց մասին կը մտածէի, հապա՞ եթէ հոն ըլլային…»
Հայու անձնազոհութեան ու դիմադրելու ազնիւ յամառութեան երկուստեք արտայայտուած ու միաձոյլ պատկեր մը: Որո՞ւն հոգը երբ տունը կիսով քանդուած է, կարեւորը այն է, որ «միայն տղոց բան մը չըլլայ»:
Հալէպաբնակ հայութիւնը կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ հայու հարազատ նկարագիրը, կերպարը: Մնացածը՝ ընթերցողը թող որոշէ, թէ ի՞նչ պիտի ընէ յառաջիկայ Փետրուարի թելեթոնին:
17 Դեկտեմբեր 2015
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Գանձասար