Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի «Նայիրի» Պարախումբը՝ 15 Տարեկան

Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը իր հաստատման առաջին օրէն ի վեր նպաստած է հայ մշակոյթի տարածման առաքելութեան:
Ներկայի դժուար ժամանակներուն իսկ, մասնաճիւղի վարչական կազմը նպատակամղուած կը շարունակէ այս աշխատանքը:
«Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը հիմնուած է 2000ին, վարչութեան անդամներուն մտայղացումի եւ բացառիկ ջանքերուն շնորհիւ: Պարախումբը 17 աղջիկներով սկսած է, ապա երկու տարիներ ետք, պարուսոյց Գաթրին Հայրապետեանին միացած է Արի Լիպարիտեան, իբրեւ տղոց պարուսոյց: Տասնհինգ տարիներէ ի վեր փորձերը տեղի կ՛ունենան Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ: Այսօր պարախումբը ունի մօտաւորապէս հարիւր փոքրիկներ, պատանիներ, պարմանուհիներ, երիտասարդուհիներ ու երիտասարդներ, որոնք շաբաթական դրութեամբ, հետեւողականօրէն փորձերու ներկայ գտնուելով, կը մարզուին եւ հայկական գեղեցիկ եւ ժողովրդային պարարուեստի աւանդոյթները կը շարունակեն, ներառուելով խմ-բային ելոյթներու մէջ:
Պարախումբը տարին անգամ մը հրապարակային ելոյթ կ՛ունենայ, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով, յաճախ կը հրաւիրուի այլազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: Պարուսոյց Գաթրին խումբը բաժնած է եօթը դասարաններու, տարիքային բաժանումներով:
Պարախումբին մաս կը կազմեն 4.5 տարեկանէն 27 տարեկան պարողներ: Մեծահասակ անդամուհիներէն ոմանք վարչականներ են, որոնք նուիրուածութեամբ կ՛օժանդակեն պարախումբի այլազան կազմակերպչական գործունէութիւններուն:
Ըստ Գաթրին Հայրապետեանի՝ բաւական բարդ եւ դժուար երեւոյթ է համալսարանական երիտասարդները ներգրաւել պարախումբին մէջ, որովհետեւ յաճախ դասերու ժամերն ու անոնց բազմազբաղուածութիւնը պատճառ կը դառնան փորձերէն բացակայելու, սակայն «Նայիրի»ն դեռեւս կը վայելէ այս երիտասարդներուն ներկայութիւնը, որոնք սիրայօժար մասնակից կ՛ըլլան ելոյթներուն: Պարուսոյցները յարատեւօրէն եւ հարազատ մօտեցումով կը կատարեն իրենց աշխատանքները, իսկ անդամները տարիներէ ի վեր միախմբուած՝ կը հետեւին անոնց ցուցմունքներուն եւ վարժուած են անոնց աշխատելաձեւին ու ոճին:
Նոյեմբեր 14, 2015ին Կրանատա Հիլզի «Signature» շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նայիրի» պարախումբի հիմնադրութեան տասնհինգերորդ տարեդարձի տօնակատարութիւն-հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Համազգայինի անդամներուն եւ ընտանիքին, ծնողներուն եւ վարչական անդամներուն:
Փոքրիկներուն ու պատանիներուն պարախումբերը խմբային, գեղեցիկ պարերով ճոխացուցին երեկոն, ապա Գաթրին Հայրապետեանն ու Արի Լիպարիտեանը յուշանուէրներով գնահատեցին երիտասարդ պարողներն ու պարուհիները՝ իրենց պարտաճանաչ եւ յարատեւ մասնակցութեան համար:
Ազդեցիկ երեւոյթ էր մոմավառութեան բաժինը, երբ Համազգայինի անդամներէն Անի Մաճառեան մոմ մը վառեց ի յիշատակ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներուն՝ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Գասպար Իփէկեանի, որոնց հիմնական նպատակները եղած են նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն տալ, զարգացնել ու տարածել հայկական մշակութային այլազան մարզերը եւ հայ ժողովուրդի կրթական եւ մշակութային մակարդակը բարձրացնել՝ հայ հոգիով եւ հայ լեզուով:
Երեկոն խանդավառեց երգիչ Գէորգ Արթինեան:
Ուրախ տարեդարձ «Նայիրի»ին:
Ասպարէզ
Վ. Գ.