Արցախի Մէջ Գիշերը Պաշտպանական Մարտի Ընթացքին Զինուոր Մը Զոհուած Է

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներուն Դեկտեմբեր 18ի գիշերը հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման գործողութիւններ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութենէն, ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները անցած են պաշտպանութեան եւ հակառակորդին հասցնելով կորուստներ (առնուազն 2 զոհ եւ վիրաւորներ), ետ շպրտած իրենց ելման դիրքերը:
Ցաւօք, պաշտպանական մարտի ընթացքին մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1996թ. ծնեալ Ֆիտար Իկորի Ալոյեան: Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: