Ռոզարիոյի Հայ Համայնքը Ամփոփած Է 2015 Թուականը

Դեկտեմբեր 12-ին արժանթինական Ռոզարիօ քաղաքի հայ համայնքը, Հայ Կեդրոնի ղեկավար Խուան Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, տարուայ վերջի հաւաք-ձեռնարկ  կազմակերպած էր: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Արժանթինի մէջ իր աղբիւրներէն:

Ամենամեայ ձեռնարկին նպատակը Ռոզարիօ  ապրող շուրջ 300  հայերուն մէկտեղելն է` քննարկելու համար մէկ տարուան ընթացքին իրականացուած ծրագիրները եւ ուղենշելու յետագայ ընելիքները: Հաշուետու զեկուցումներ եղան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ:

Ձեռնարկին ներակայացուցչական կազմով մասնակցեցան նաեւ Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան, Հայ Կեդրոնի ու Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ալպերթօ Ճերեճեան:

Ընդհանուր առմամբ` տօնական երեկոյին ներկայ  եղած է 200 մարդ: Ներկաներուն հայկական պարերու կատարումներով ողջունած է Քորտոպայի «Փարուանա» պարախումբը:

Rosario-1

Scroll Up