Արժանթինի Մէջ Պիտի Կայանայ «Հայերը Պուէնոս Այրէսի մէջ» Խորագիրով Ցուցահանդէս

Պուէնոս Այրէսի Altos-de-la Estrella թանգարանին մէջ Դեկտեմբեր 19-ին կը մեկնարկէ Հայաստանին նուիրուած ցուցահանդէս «Հայերը Պուէնոս Այրէսի մէջ» խորագիրով:
Արժանթինի հայ համայնքէն տեղեկացուցին, որ ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ Դեկտեմբեր 27, նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կը գրէ Արցախփրէսը:
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչ Նելիտա Պուլկուրճեան ըսաւ, որ ընտրուած քանի մը տասնեակ լուսանկարներ այցելուներուն կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, արժանթինահայ համայնքի կազմաւորումն ու անոր գործունէութիւնը: