Համերգ Պարոնուհի Քոքսի Նախաձեռնութեամբ
Դեկտեմբեր 9-ին Լոնտոնի Սբ. Քաթպերթ հոյակերտ եկեղեցւոյ մէջ Միացեալ Թագաւորութեան «Մարդասիրական օգնութեան» նպաստող հիմնադրամը» /HART/` գլխաւորութեամբ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, հերթական անգամ կազմակերպած էր Սուրբ Ծննդեան տօնին նուիրուած ամենամեայ համերգ: Այս տարի եւս Պարոնուհի Քոքսի հրաւէրով համերգին իր մասնակցութիւնը ունեցաւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» երգչախումբը` գլխաւորութեամբ խմբավար Սիփան Յակոբեանի: Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Լոնտոնի ուկանտական «Աքոլի» եւ «Սբ. Մարտինի երգիչները» երգչախումբերը:
«Կոմիտաս» երգչախումբը ստեղծուած է 2013 թ. Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմնին /Tekeyan Trust/ կողմէ, որ 1979 թ.-էն կը գործէ որպէս բարեգործական կազմակերպութիւն եւ կը հանդիսանայ Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Հայաստանի «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հիմնասիւնը: Այն իր ազգանուէր գործունէութեամբ եւ մեծ նուիրումով կը ծառայէ ազգային ինքնութեան պահպանման ու տարածման արտերկրի մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով կը նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:
«Կոմիտաս» երգչախումբի մասնակցութիւնը Դեկտեմբեր 9-ի համերգին պատահականութիւն չէր, քանզի հէնց այդ օրը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս «Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակման միջազգային օր»:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը կրկին անգամ յիշատակելու եւ բրիտանական հասարակութեան ուշադրութիւնը ոճիրին սեւեռելու նպատակով, Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս հանդէս եկաւ ազդեցիկ ելոյթով, իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադառնալով պատմութեան դասը չքաղած միւս պետութիւններուն, ուր եւս տեղի ունեցած է այս ոճրագործութիւնը:
Համերգին «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարմամբ քառաձայն հնչեցին Կոմիտասի «Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան», Էտկար Յովհաննիսեանի «Արփա-Սեւան» եւ Ստեփան Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան» երգերը` Սիփան Յակոբեանի խմբավարութեամբ եւ Էլլա Պապայեանի դաշնամուրային նուագակցութեամբ:
Սիփան Յակոբեան նաեւ հանդէս եկաւ մեներգեցողութեամբ, կատարելով Հ. Երզնկացիի «Ով զարմանալի» եւ Գ. Փահլաւունիի «Այսօր ձայնը Հայրական» շարականները:
Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ Զ. Պոյաճեանի «Հայերու վիշտը» բանաստեղծութիւնը կարդաց Կարէն Արեւեան:
Համերգին ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր` շարք մը կազմակերպութիւններու անդամներ, քաղաքական գործիչներ եւ հոգեւորականներ: