«100 Կեանք»ը Հիմնադրած Է Ամալ Քլունիի Անուան Կրթաթոշակ

«100 Կեանք» նախագիծը հիմնադրած է Ամալ Քլունիի անուան տարեկան կրթաթոշակ, որուն շնորհիւ երիտասարդ լիբանանցի աղջիկներ պիտի կարենան ուսանիլ «Եունայթըտ Ուըրլտ քոլեճզ»ի (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցին մաս կազմող Դիլիջանի միջազգային քոլեճին մէջ:
«Որպէս մարդու իրաւունքներու յառաջատար պաշտպան՝ Ամալ Քլունին իր օրինակով կը ներշնչէ երիտասարդ կիները ամբողջ աշխարհին մէջ: Ան կը մարմնաւորէ ազնուութիւնը, դիմացինին կարեկցելու եւ նուիրուելու կարողութիւնը՝ խորհրդանշելով աշխարհի քաղաքացիի կերպարը», ըստ «Մեդիամաքս»ին՝ ըսած է «100 Կեանք» նախագիծի եւ Դիլիջան քոլեճի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
Անոր համաձայն՝ «100 Կեանք» նախագիծը կը գիտակցի աւելի մեծ միջմշակութային ընկալման կարեւորութեան՝ ապագայ սերունդներուն համար։ «Քոլեճը, միաւորելով պայծառ երիտասարդ առաջնորդներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, կը ձգտի կրթութիւնը դարձնել խաղաղութեան շարժիչ ուժ», ըսած է Ռուբէն Վարդանեան:
Այս կրթաթոշակին շնորհիւ ամէն տարի Լիբանանէն մէկ աշակերտուհի պիտի ուսանի Դիլիջանի դպրոցին մէջ երկու տարի տեւողութեամբ Միջազգային պսակաւոր գիտութեան ծրագիրով: Կրթաթոշակը պիտի տրուի օրինակելի ակադեմական ունակութիւններ եւ մարդու իրաւունքներու ու միջազգային հարցերու շուրջ հետաքրքրութիւն դրսեւորած մասնակիցին:
Ամալ Քլունիի անուան առաջին կրթաթոշակը պիտի շնորհուի լիբանանցի ուսանող Փամելա Թեպչրանիին, որ լաւապէս կը տիրապետէ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Կրթաթոշակին օգնութեամբ ան պիտի մասնագիտանայ մարդու իրաւունքներու եւ կանանց հաւասար իրաւունքներու ապահովման ոլորտին մէջ:
«Այս կրթաթոշակը երիտասարդ լիբանանցի աղջիկներուն կու տայ կեանքի մեծագոյն կարելիութիւններէն մէկը: Միջմշակութային կրթութիւնը եւ արտասահմանի մէջ ուսանիլը կրնայ բեկումնային փոփոխութիւն յառաջացնել անոնց կեանքին մէջ: Ես շնորհակալ եմ «100 Կեանք» նախագիծին՝ երիտասարդ եւ պայծառ երիտասարդներուն առջեւ նոր դռներ բանալուն համար», ըսած է Ամալ Քլունի: